ՍՏՈՒԳՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

«Քար­նե­կի» հիմ­նար­կի Կով­կա­սի հար­ցե­րու գծով ա­ւագ վեր­լու­ծա­բան Թո­մաս տը Վաալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին վե­րա­բե­րեալ յօ­դուած մը գրի ա­ռաւ Politico Europe պար­բե­րա­կա­նին մէջ։ Այս առ­թիւ ան անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ ամ­սուան սկիզ­բին պա­տա­հած քա­ռօ­րեայ բռնու­թիւն­նե­րուն եւ իր հա­մոզ­մամբ ա­նոնք կը նշա­նա­կեն հա­կա­մար­տու­թեան վերսկ­սած ըլ­լա­լը։ Հրա­դա­դա­րի մա­սին նոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը թէեւ ձեռք բե­րուած է, սա­կայն այդ մէ­կը ար­դէն խախ­տուած է։ «Չա­փա­զան­ցու­թիւն չ՚ըլ­լար ը­սել, որ Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան միայն եր­կու-ե­րեք քայլ հե­ռու են Պոս­նա­յի նման հա­կա­մար­տու­թե­նէ մը, ո­րուն կրնայ ներ­քա­շուիլ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նը», մատ­նան­շած է անգ­լիա­ցի վեր­լու­ծա­բա­նը, որ յի­շե­ցու­ցած է, թէ հրա­դա­դա­րի մա­սին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը քա­նի մը տա­րիէ ի վեր խիստ լա­րուա­ծու­թեան տակ կը գտնուէր։ Ատր­պէյ­ճան կ՚ա­ւելց­նէր ծանր սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու իր զի­նա­նո­ցը, իսկ եր­կու կող­մէն հնչող հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի ծայ­րա­յեղ էր, 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։

Ըստ Թո­մաս տը Վաա­լի, հրա­դա­դա­րի խախ­տու­մը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ապ­րի­լի 2-ին։ Ատր­պէյ­ճա­նի նպա­տակն էր ստու­գել հայ­կա­կան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ զայն պար­տադ­րել ա­ւե­լի տկար դիր­քե­րով բա­նակ­ցե­լու։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նուո­րա­կան­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­ցին կոր­սուած տա­րածք­նե­րէն կտոր­ներ, ինչ­պէս նաեւ բա­ւա­կան խախ­տուած հպար­տու­թիւ­նը։ Սա­կայն մարդ­կա­յին գի­նը բարձր էր։ Պաշ­տօ­նա­կան տուեալ­նե­րով, քա­նի մը տաս­նեակ մարդ զո­հուե­ցաւ։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու գնա­հատ­մամբ, շուրջ 200 հո­գի զո­հուած է, սպան­նուած են նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ան­ձեր։

Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը զայ­րոյթ յա­ռա­ջա­ցուց։ Ա­զէ­րի­նե­րը մին­չեւ հի­մա ինք­զինք­նին ստո­րա­ցած կը զգա­յին պար­տու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Եր­կի­րը հայ­րե­նա­սի­րա­կան ջան­քե­րու մէջ է, ինչ որ օգ­տա­կար է՝ ու­շադ­րու­թիւն­նե­րը ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ճգնա­ժա­մէն շե­ղե­լու ա­ռու­մով։ Ան­ցեալ տա­րի Ատր­պէյ­ճա­նի մա­նա­թը ար­ժեզր­կուե­ցաւ եր­կու ան­գամ։ «Մեծ գայ­թակ­ղու­թիւն, եւ, ա­ռա­ւել մտա­հո­գիչ է՝ հա­սա­րա­կա­կան ճնշում կայ յար­ձակ­ման փորձ մը եւս ը­նե­լու հա­մար», նշած է Տը Վաալ ու շեշ­տած՝ որ ազ­գայ­նա­կան զգա­ցում­նե­րը բռնկե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր ե­րի­տա­սարդ հա­յեր կա­մա­ւոր միա­ցան զի­նեալ ու­ժե­րուն։

Եր­կու կող­մե­րու սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու հսկա­յա­կան զի­նա­նո­ցի պա­րա­գա­յին նոր բա­խու­մը կրնայ դիւ­րու­թեամբ վե­րա­ծուիլ ա­ւե­լի մեծ հա­կա­մար­տու­թեան մը, 1990-ա­կան­նե­րու սկիզ­բին բաղ­դատ­մամբ։ Պա­քու եւ Ե­րե­ւան կրնան վկա­յա­կո­չել, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար, Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի հետ ռազ­մա­կան օգ­նու­թեան մա­սին ի­րենց պայ­մա­նագ­րե­րը։ Բայց եւ այն­պէս այդ եր­կիր­նե­րը չեն փա­փա­քիր մաս­նակ­ցիլ ու մեծ ճնշման տակ են՝ այդ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, ան­հանգս­տու­թիւ­նը կ՚ա­ւել­նայ նաեւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րէն ներս. օ­րի­նակ՝ Վրաս­տա­նի մէջ, ուր կը բնա­կին հա­յեր եւ ա­զէ­րի­ներ։ BP ըն­կե­րու­թեան Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Ճէյ­հան նաւ­թա­մու­ղը, որ կ՚անց­նի երկ­րի տա­րած­քով, կրնայ նոյն­պէս թի­րախ դառ­նալ։ Հե­տե­ւա­բար, Թո­մաս տը Վաա­լի կար­ծի­քով, անվ­տան­գու­թեան վա­քու­մը կրնայ լրա­ցուիլ կա՛մ լուրջ քա­ղա­քա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով եւ կամ լայ­նա­ծա­ւալ բա­խում­նե­րով։ Անդ­րա­դառ­նա­լով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ի­րա­կա­նա­ցուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ վեր­լու­ծա­բա­նը շեշ­տած է, թէ Նա­խա­գահ Ա­լիեւ կամ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան հան­դէս չեն ե­կած շի­նիչ կամ խա­ղա­ղա­րար ո­րե­ւէ ա­ռա­ջար­կով։ Հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն՝ Ֆրան­սա­յի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մեստ գա­ղա­փար­նե­րը կը մեր­ժուին սո­վո­րա­բար։ Վեր­լու­ծա­բա­նի կար­ծի­քով, Ատր­պէյ­ճան կը փա­փա­քի նոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ եւ ռազ­մա­կան ու­ժը օգ­տա­գոր­ծել որ­պէս լծակ։ Մինչ­դեռ Հա­յաս­տան չի պատ­րաս­տուիր Ատր­պէյ­ճա­նի ճնշման ներ­քեւ ո­րե­ւէ բա­նի հա­մա­ձայ­նե­լու եւ կը պա­հան­ջէ անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ։ Տը Վաա­լի կար­ծի­քով, ե­թէ յա­ռա­ջըն­թաց չար­ձա­նագ­րուի, ա­պա ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան վերսկ­սիլ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած «Ֆոր­միւ­լա 1» մրցու­մէն վերջ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­նի­սի ա­ւար­տին։ «Կրնանք միայն յոյս ու­նե­նալ, թէ Կով­կա­սի մէջ ա­ւե­լի մեծ թա­փով ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եւ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի տե­սա­կէ­տէ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րուն հե­ռան­կա­րը պի­տի սրէ հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ու­շադ­րու­թիւ­նը» նշած է Տը Վաալ եւ ա­ւել­ցու­ցած, թէ այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կ՚ան­տե­սուէր եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր։ Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Ար­ցա­խի մէջ այ­սօր կը նշուի Շու­շիի ա­զա­տագր­ման տա­րե­դար­ձը։ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այս առ­թիւ կ՚այ­ցե­լէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։ Իր կար­գին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Մա­յի­սի 9-ին առ­թիւ հրա­պա­րա­կած պատ­գա­մին մէջ ը­սաւ. «Շու­շին ա­զա­տագ­րած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը ան­ցեալ ա­միս կրկնե­ցին ի­րենց հայ­րե­րուն սխրան­քը»։

­Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին եր­կայն­քով շա­բա­թա­վեր­ջին ու ե­րէկ գի­շեր ի­րադ­րու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս մնա­ցած է ան­փո­փոխ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի ու­ժե­րուն կող­մէ բա­ցուած ան­կա­նոն կրակ­նե­րով։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016