ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ան­գամ ցու­ցադ­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Եւ­րոա­սիոյ հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով, այս ֆիլ­մը պատ­րաս­տուած է Ե­րե­ւա­նի «Վեր­սուս սթիւ­տիօ»ին կող­մէ, Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի (Tarih Vakfı) հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Գոր­ծին հե­ղի­նակն է Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան, բե­մադ­րի­չը՝ Ա­րա Շի­րի­նեան. եր­կու յայտ­նի ու հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­նուն­ներ, ո­րոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան փայ­լուն աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը ստեղ­ծած է լայն ար­ձա­գանգ։ Ծրագ­րին որ­պէս խորհր­դա­կան մաս­նակ­ցած էր նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան։

«Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն» ժա­պա­ւէ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ երկ­րորդ ան­գամ ցու­ցադ­րուե­ցաւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ ան­ցեալ տա­րուան աշ­նան ու ներ­կայ տա­րե­մու­տին այս ֆիլ­մին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը կազ­մա­կեր­պուած էին Ե­րե­ւա­նի եւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Թէ՛ գոր­ծը ար­ժա­նա­ցած էր վառ հե­տաքրք­րու­թեան եւ թէ ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած քննար­կում­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծած էին խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նե­լու Թուր­քիա-Հա­յաս­տան առ­կայ փա­կու­ղին՝ վեր­ջին շուրջ քսա­ն­­հինգ տա­րի­նե­րու կտրուած­քով։ ՀԲԸՄ-ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած շա­բա­թա­վեր­ջի ցու­ցադ­րու­թիւնն ալ ստեղ­ծեց հե­տաքրք­րու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան ա­ռանց­քի ան­հե­ռան­կար կա­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յիս նո­րո­վի լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րուի՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տի ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ան­հա­մե­մատ սաստ­կաց­ման եւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լա­րուա­ծու­թեան բե­րու­մով։

ՀԲԸՄ-ի Ե­րե­ւա­նի նո­րա­կա­ռոյց կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ցու­ցադ­րուե­ցաւ «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն»ը։ Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին դահ­լի­ճը լե­ցուն էր ամ­բող­ջու­թեամբ։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Վազ­գէն Եա­գու­պեան, Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան եւ միու­թեան այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Ձեռ­նար­կի ծրագ­րին շրջագ­ծով նախ ցու­ցադ­րուե­ցաւ ֆիլ­մը, ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­սու­լիս մը, զոր վա­րեց Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան։ Այս բա­ժնին մէջ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան ա­ռա­ջին հեր­թին անդ­րա­դար­ձաւ ֆիլ­մի ար­տադ­րու­թեան հանգ­րուան­նե­րուն, ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տան­քի հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, նաեւ ՀԲԸՄ-ին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ հեր­թա­կան ցու­ցադ­րու­թեան հիւ­րըն­կալ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­ւե­լի վերջ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան, Ա­րա Շի­րի­նեան եւ Ա­րա Գօ­չու­նեան պա­տաս­խա­նե­ցին ներ­կա­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րու­ն։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016