ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՌԱՏՕՆ
Արցախի մէջ այսօր կը տիրէ մեծ ոգեւորութիւն։ Մայիսեան եռատօնի խանդավարութեամբ համակուած է ամբողջ երկիրը։ Տօնակատարութիւններուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Նոյնաժամանակ կը նշուին՝ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը, Շուշիի ազատագրման օրը եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այսօր Շուշիի ազատագրման 25-ամեակն է եւ այս յոբելեանը արտասովոր նշանակութիւն կը վերագրէ տօնակատարութիւններուն։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ շարք մը շփումներ ունեցաւ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղեկցութեամբ։ Ան ներկայ եղաւ «ԹՈՒՄՕ-բանակ» ծրագրի պաշտօնական մեկնարկին, նաեւ տեսակցեցաւ զօրացրուած, սակայն տակաւին ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորներու հետ։ Օրուան աւարտին ալ իր մասնակցութեամբ հանդիսաւոր երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ եռատօնին առթիւ։ 9 Մայիսի մասնաւոր պատգամին մէջ ալ ան նշեց. «Շուշիի ազատագրումով ո՛չ միայն Ստեփանակերտը, այլ Արցախի ամբողջ ժողովուրդը փրկուեցաւ ֆիզիքական բնաջնջումէ։ Հայ ռազմիկներու այս մեծագործութիւնը եւ անոր ամբողջական պատմական նշանակութիւնը այնքան ընդգրկուն են, որ տակաւին պիտի շարունակուին գնահատուիլ եւ վերլուծուիլ ուսումնասիրողներու կողմէ։ Բան մը պարզ էր 1992 թուականի Մայիսի 9-ին եւ պարզ է նաեւ այսօր. մենք մեր կեանքն ու ազատութիւնը, մեր իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը զոհաբերելու չենք պատրաստուիր ու պիտի չզոհաբերենք»։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի եւ չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում։ «Ինթերֆաքս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան յոյս յայտնեց, թէ սա կ՚ըմբռնեն նաեւ Ատրպէյճանի մէջ: «Մենք կը յուսանք, թէ Պաքուի մէջ որոշում կայացնելու պատասխանատուութեան տէր անձեր կը գիտակցին, որ շատ դիւրին է քաոսի եւ լայնածաւալ պատերազմի առջեւ դռներ բանալը, սակայն չափազանց բարդ կ՚ըլլայ այդ մէկը կասեցնել։ Սա միանշանակ կ՚ուժեղացնէ տարածքաշրջանէն ներս ահաբեկչական խմբաւորումներուն դերը, կը մեծնայ նաեւ ոչ-տարածքաշրջանային խաղացողներուն դերը եւ անոնք կը սկսին օգտուիլ այս բոլորէն»։ Ան միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ հակամարտ կողմերու արտաքին գործոց նախարարները պիտի կարենան գտնել շփման նոր եզրեր՝ թէեւ հնարաւորութիւններու շրջանակը բաւական սահմանափակ է։
Անդրադառնալով Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուած զէնքերու հարցին՝ ան ըսաւ. «Ռուսաստանի հետ մենք միանշանակ դաշնակիցներ ենք։ Այս մասին բոլորը գիտեն։ Եւ եթէ սպառազինութեան հաւասարակշռութեան խախտման հետեւանքով ռուսական զէնքը հակամարտութեան մէջ հանդիսանայ ռիսքի գործօն մը՝ ապա ես կը կարծեմ, թէ առաջին հերթին սա ձեռնտու չ՚ըլլար նոյնինքն Ռուսաստանին»։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ յայտնեց, որ միայն Արցախի բնակչութիւնը պէտք է մասնակցի վերջնական կարգավիճակի շուրջ հանրաքուէին։