ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Կիրակի, Մայիս 7-ին, յայտարարեցին, թէ ձերբակալուած է զինուորներէ եւ քաղաքացիներէ բաղկացած խումբ մը, որ կ՚ամբաստանուի Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցելու մեղադրանքով: Ըստ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին, պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն՝ խումբը իբրեւ թէ սադրանքներ ծրագրած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Թերթեր շրջանի բնակավայրերուն դէմ:
Սակայն անմիջապէս հակասական կարծիքներ սկսան հնչելու այս միջադէպին մասին՝ հարցումներ ստեղծելով, թէ բացայայտուածը իսկապէ՞ս լրտեսական խըմ-բակ մըն է, թէ ոչ ներքին խմորումներու կամ թմրանիւթերու մաքսանենգման կ՚առընչուի։
«Հետաքննութեամբ պարզուած է, որ յանցախումբը, դաւաճանելով Ատրպէյճանին՝ շահադիտական նկատառումներով սերտ համագործակցութիւն ունեցած է Հայաստանի հետախուզութեան հետ՝ պարբերաբար փոխանցելով ռազմական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ», ըսուած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յստակ չէ, թէ ցարդ քանի հոգի ձերբակալուած է։
Հայաստանի օգտին լրտեսութեան մեղադրանքով ամիսներ ատրպէյճանական բանտին մէջ պահուած քաղաքագէտ Արիֆ Եունուս վստահ է, որ երկրին մէջ Հայաստանի ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու հարցը հիանալի գործիք դարձած է իշխող վերնախաւին ձեռքը, ներքաղաքական տեսակաւոր խաղեր իրականացնելու համար: Ան կը գրէ, թէ այս չակերտաւոր լրտեսները ատրպէյճանական ուժային կառոյցներուն, մասնաւորապէս Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ անոր առաջին տեղակալին միջեւ շարունակուող պատերազմին զոհերն են։
«Ձերբակալութիւններուն մասին յառաջիկայ հաղորդագրութիւններէն պիտի իմանանք, թէ ո՛վ յաղթական դուրս պիտի գայ, եւ թէ վերնախաւի ո՞ր խմբաւորումը յաջողութեամբ օգտագործած է «հայկական գործօնը», իր հակառակորդները շարքէն դուրս հանելու համար», գրած է ան:
Արձագանգելով Եունուսի մեկնաբանութեան՝ երկու տարի բանտարկուած հետաքննող-լրագրող Խատիճա Իսմայիլովա կը նշէ այլ հանգամանք մը՝ թմրանիւթերը: «Սպաներու համատեղ գործարարութիւնը կը տապալուի՝ իրավիճակի փոփոխութեամբ», գրած է յայտնի լրագրողը:
Սակայն ռազմական փորձագէտ Ուզէյիր Ճաֆարով կասկածի տակ չի դներ պաշտօնական յայտարարութիւնները՝ պնդելով, թէ «այս պատմութեան շուրջ հնչող ո՛չ առողջ քննադատութեանց հեղինակները կարծես թշնամիին կը ծառայեն»:
Վերջապէս, յատուկ ծառայութիւններու նախկին սպայ Իլհամ Իսմայիլ նշած է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւններուն՝ իրարու դէմ գործելը բնական երեւոյթ է, սակայն ներկայիս այս գործողութեանց մէջ ներգրաւուողներուն թիւը զգալիօրէն աճած է: «Ձերբակալուողներուն թիւը մօտաւորապէս քառասուն է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն աճած է հակահետախոյզներուն աշխատանքը: Որոշ տուեալներու համաձայն՝ հայաստանցի հետախոյզները, դաւաճաններու օգնութեամբ՝ ատրպէյճանական զինուորական համազգեստներով այցելած են մեր շրջանային կեդրոնները», ըսած է ան։