Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ու Սպիտակ տան մէջ կը հիւրընկալուի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Մայք Փենսի կողմէ։ Ան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։ Ամերիկեան Ծերակոյտի շրջանակներէն ներս ալ շփումներ կ՚ունենայ Քվիրիքաշվիլի, որ կը մէկտեղուի նաեւ մասնագիտական շրջանակներէ յառաջատար ներկայացուցիչներու հետ։ Վրացի վարչապետին այցը կը տեւէ մինչեւ Մայիսի 10-ը:
Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017