ԱՄՆ ՈՐՈՇԵՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵՆԷՆ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ արկածախնդրական քայլերու դիմել միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն։ Միջազգային ընտանիքը երկար ժամանակէ ի վեր մը-տահոգ էր Ուաշինկթընի այս տրամադրութիւններուն բերումով։ Ի վերջոյ, Թրամփ երէկ յայտնեց, որ ԱՄՆ դուրս կու գայ այդ համաձայնութենէն ու կը վերահաստատէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները, որոնք 2015 թուականին բաւ համարուած էին։

Թեհրանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց Ուաշինկթընի այս քային։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ իր երկիրը սխալ մը չէ գործած այդ համաձայնութեան ծիրէն ներս, ուստի անընդունելի է ԱՄՆ-ի դուրս գալը։ Իրանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն միշտ կը զգուշացնէին, որ ԱՄՆ պիտի զղջայ՝ միջազգային համաձայնութենէն դուրս գալու պարագային։ Իրանական կողմը մտադրութիւն յայտնած է նաեւ միջազգային համաձայնութեան ջնջուելու պարագային վերադառնալու իր հիւլէական ծրագրին։

Եւրոմիութիւնն ալ երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ուաշինկթընի արկածախնդրական քայլին։ Եւրոմիութեան անունով յայտարարուեցաւ, որ միջազգային հաւաքականութիւնը պիտի պահպանէ հիւլէական համաձայնութիւնը։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իր երկիրը, Անգլիա եւ Գերմանիա ցաւ կը զգան՝ Թրամփի համաձայնութենէն դուրս գալուն բերումով։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արտայայտեց իր դիրքորոշումը ԱՄՆ-ի այս քայլին կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ի այս համաձայնութենէն դուրս գալը պատճառ պիտի դառնայ ապակայունութեան եւ բախումներու։

Միջազգային մեկնաբաններ միջոցէ մը ի վեր Ուաշինկթընի այս քայլին հասունացման կապակցութեամբ կը մատնանշէին Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի գործօնները։ Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ նոր գահաժառանգը թափ տուաւ ԱՄՆ-ի հետ ուղղակի եւ Իսրայէլի հետ անուղղակի համագործակցութեան՝ Իրանի դէմ։ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորն ալ միջոց մը առաջ այցելած էր Մոսկուա՝ հաշուի առնելով, որ տարածքաշրջանէ ներս Իրանի ազդեցութիւնը կը ծաւալի Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան շնորհիւ։ Նոյն մեկնաբանները նոյնիսկ դիտել կու տան, որ Սէուտական Արաբիայէ ներս բացայայտուած վերջին ապօրինութիւններու եւ անոնցմով պայմանաւորուած գայթակղութիւններու մթնոլորտին մէջ հաւաքուած են 100 միլիոնաւոր տոլարներ՝ որպէս տուգանք։ Հաւանական է, որ այդ գումարները օգտագործուին՝ գանձատրելու համար Իրանի դէմ հաւանական պատերազմ մը։

Ներկայ պայմաններով մտահոգիչ վարկածները հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկան Մերձաւոր Արեւելքի պարագային ծանրակշիռ բոլոր հաւանական հետեւանքներով։

Այս առաւօտ ալ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Տանըլտ Թրամփի կողմէ առնուած այս քայլին հետեւանքով կորսնցնողը պիտի ըլլայ ԱՄՆ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018