ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն վերջ, ներքին քաղաքական կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու ճանապարհին երէկ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը։ Այսպէս, յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնապէս ընտրուեցաւ վարչապետ եւ ստանձնեց երկրին ղեկը։ Սա կարեւոր նախադրեալ մըն է՝ երկրին մէջ ստեղծուած տագնապի յաղթահարման տեսակէտէ։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը գումարեց յատուկ նիստ մը։ Սա երկրորդն էր յեղափոխութեան յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Օրակարգի վրայ էր վարչապետի ընտրութիւնը։ Միակ թեկնածուն էր Նիկոլ Փաշինեան։ 101 երեսփոխան մասնակցեցաւ յատուկ նիստին։ Վարչապետի ընտրութեան համար քուէարկեց 100 պատգամաւոր։ Մէկ երեսփոխան չքուէարկեց։ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելուն համար անհրաժեշտ էր 51 քուէ։ Քուէարկութեան արդիւնքին ան ապահովեց 58 երեսփոխանի ձայնը։ 42 երեսփոխան իրեն դէմ քուէարկեցին։ Ձեռնպահ չկար։ Այսպէս Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնապէս ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ։

Վարչապետ ընտրուելէ անմիջապէս վերջ Նիկոլ Փաշինեան մեկնեցաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը, ուր դարձեալ կազմակերպուած էր բազմամարդ հանրահաւաք մը։ Հանրահաւաքի մասնակցիները մեծադիր պաստառի մը միջոցաւ ուղիղ եթերով հետեւած էին խորհրդարանի յատուկ նիստին։ Ցուցարարները հրապարկի վրայ ցնծութեամբ ողջունեցին Նիկոլ Փաշինեանը։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Խորհրդարանի կողմէ կատարուած ընտրութեան հիման վրայ՝ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց նորընտիր վարչապետի նշանակման վերաբերեալ համապատասխան հրամանագիրը եւ բարեմաղթութիւններով այդ մէկը յանձնեց Նիկոլ Փաշինեանին։

Միջազգային ընտանիքն ալ փութով արձագանգեց Հայաստանի նորընտիր վարչապետի պաշտօնի կոչուելուն։ Այսպէս, միջազգային ընտանիքէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ շնորհաւորականներ ուղարկեցին նորընտիր վարչապետին։ Այս ամբողջին մէջ էին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով, Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Էլըն Տանքըն եւ այլք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։

Այժմ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս կը սկսի նոր փուլ մը, որով պիտի ձեւաւորուի երկրի նոր կառավարութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ Նախարարաց խորհուրդի կազմը պիտի ենթարկուի էական փոփոխութեան։ Վարչապետի պաշտօնական ապարանքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեսակցեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի հետ։ Ան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ այլ շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ։ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեանի հետ։ Այս վերջինը հանդիպումէն անմիջապէս վերջ յայտարարեց իր հրաժարականին մասին։

Այս կարեւոր իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան կը շարունակէ յանձնառու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման համար՝ ըստ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքին։ Հայաստանի նորընտիր վարչապետը յայտնեց նաեւ, որ երկրէն ներս այլեւս երաշխաւորուած պիտի ըլլայ բոլոր ընտրութիւններու արդարութիւնը։

Վարչապետի պաշտօնին գլուխը Նիկոլ Փաշինեան այսօր առաջին այցելութիւնը տուաւ Արցախ, ուր մասկանցութիւն բերաւ մայիսեան յաղթանակներուն ձօնուած եռատօնի արարողութիւններուն։ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձին ձօնուած տօնակատարութեան։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական մը ու-ղարկեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ վարչապետ ընտրուելուն կապակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորականին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է հետեւեալը.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ձեզի կը յղենք մեր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնները։ Պատասխանատու այս պաշտօնին դուք կը կոչուիք երկրի մէջ ստեղծուած ներքին քաղաքական բարդ իրավիճակի պայմաններով՝ հանրային լայն շրջանակներու աջակցութեամբ, քաղաքական ընդարձակ խորհրդակցութիւններու արդիւնքին։ Լիայոյս ենք, թէ նախանձախնդիր ու հետեւողական ջանքերով պիտի նպաստէք մեր երկրին մէջ կայունութեան հաստատման եւ մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման՝ յանուն մեր հայրենիքի զօրացման ու յառաջընթացին»։

Յաջողութիւններ մաղթելով նորընտիր վարչապետին հայրենաշէն ու ազգօգուտ իր ծրագրերու ու նախաձեռնութիւններու իրագործման ճանպարհին՝ Նորին Սրբութիւնը հայցեց Բարձրեալէն խաղաղութեան ու բարօրութեան մէջ պահել հայոց երկիրն ու հաւատաւոր ժողովուրդը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018