ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան հրադադարի դրութիւնը ամրապնդելու մասին Վիեննայի յայտարարութեան։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Թէեւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ որոշ դէպքեր կը պատահին եւ վերջին երկու ամսուան ընթացքին լարուածութիւն կը նկատուի, բայց, ընդհանուր առմամբ, կայունութիւնը եւ հանդարտութիւնը կը պահպանուի։ Վարչապետը շարունակեց. «Մենք հետեւեալ իրավիճակին մէջ ենք, դուք գիտէք, որ հաղորդակցութեան ուղիներ հաստատուած են իմ եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ։ Ես այս շրջանին կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչ կը կատարուի, մենք տեղեկութիւններ կը փոխանակենք, մտահոգութիւններ կը փոխանակենք, ի հարկէ այնտեղ, ինչպէս միշտ, կան փոխադարձ մեղադրանքներ։ Ես յոյս ունիմ, որ կը յաջողինք հասկնալ իրավիճակը, թէ ի՛նչ կը կատարուի եւ ինչո՛ւ կը կատարուի։ Ես մեր վիրաւոր զինուորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում»։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ հակամարտ կողմերը հաւատարիմ պէտք է մնան Վիեննայի յայտարարութեան նկատմամբ։ Այնտեղ արձանագրած են, որ հրադադարը պէտք է պահպանուի եւ ամրապնդուի։ Փաշինեան շարունակեց. «Հիմա մենք պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ, ինչո՛ւ տեղի կ՚ունենայ։ Արդեօք կողմերէն մէկը տուա՞ծ է հրաման իրավիճակը ապակայունացնելու, եթէ ոչ, ապա ինչո՞ւ իրավիճակը ապակայուն կը դառնայ։ Թէեւ ես սա ապակայունացում չեմ որակեր, այո՛, որոշ օրերով որոշ դէպքեր կ՚արձանագրուին։ Ատրպէյճանական կողմը նոյնպէս որոշ տեղեկատուութիւն կը փոխանցէ մեզի, թէ իրենց մօտ ալ կան որոշ մտահոգութիւններ, դէպքեր կ՚արձանագրուին, ես կ՚ըսեմ՝ փոխադարձ մեղադրանքներ կան, հիմա մենք աշխատանքային կարգով պէտք է փորձենք հասկնալ, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի միջոցաւ, մենք այդ հաղորդակցութիւնները կը փորձենք ապահովել եւ կ՚ընենք մեր եզրակացութիւնները»։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան վերջին 25 տարուան ընթացքին թափով կը պատրաստուի պատերազմի։ Իր խօսքով, սա կայ ու չէ փոխուած։ Քանի տակաւին հարցը կարգաւորուած չէ, պիտի չփոխուի։ «Սա կը նշանակէ, որ այս տեղեկութիւնը բոլորս, ներառեալ ես, պաշտպանութեան նախարարը, ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը ի գիտութիւն ընդունած ենք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019