ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՀԻՒՐԵՐՈՒ ԱՅՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմին կողմէ այս օրերուն ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուած է դէպի Թուրքիա։ Թեմակալ առաջնարդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի կողմէ գլխաւորուած է այս խումբը։ Ուխտաւորները, որոնք երէկ հասան քաղաքս, իրենց կեցութեան առաջին իսկ օրը այցելեցին Գումգաբու։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրին ծանօթանալէ եւ իրենց աղօթքը կատարելէ վերջ, ուխտաւորները անցան Պատրիարքարան, ուր արժանացան ջերմ ընդունելութեան։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դահլիճին մէջ հիւրընկալեց ուխտաւորները՝ իր կողքին ունենալով Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ու Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը։ Նորին սրբազնութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց գանատահայ ուխտաւորները, որոնց բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, թրքահայ համայնքային կեանքին եւ այլ նիւթերու շուրջ։ Ողջոյնի խօսքէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատասխանեց նաեւ գանատահայ ուխտաւորներու հարցումներուն։ Բազմաբնոյթ այդ հարցումներուն սպառիչ պատասխաններ տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ մեր համայնքի իրաւունքներուն, մեր կրթական հաստատութիւններուն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ տարուած կարեւոր աշխատանքին, գաւառի մեր եկեղեցիներուն եւ ընդհանրապէս ժառանգութեան շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ եկեղեցական կեանքը կ՚ընթանայ նախկին եկեղեցասէր պոլսահայերու աշխոյժ մասնակցութեամբ։ Պատասխանելով ուխտաւորներու հարցումներուն՝ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ նաեւ մեր եկեղեցւոյ ծոցը վերադառնալ ձգտող դաւանափոխ հայերու վերաբերեալ հանգամանքներուն։ Ան յայտնեց, որ մեր Եկեղեցին ու Պատրիարքական Աթոռը սկզբունքօրէն դրական վերաբերմունք ունին անոնց նկատմամբ, իսկ մկրտութեան խորհրդակատարութիւններու պարագային փաստաթուղթեր եւ համոզիչ ապացոյցներ կը պահանջուին, որովհետեւ արդէն թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին իմաստով պատասխանատուութեան կացութիւններ կը յառաջանան։

Անմիջական ու երկարաշունչ զրոյցի աւարտին Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ գանատահայ ուխտաւորները հնարաւորութիւն ունեցած էին հաղորդ դառնալու Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ խորհրդանշած առաքելութեան։ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան յարգանքով արտայայտուեցաւ նորոգ վախճանեալ երանաշնորհ պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի մասին ու մաղթեց, որ Պատրիարքական Աթոռը ժամ առաջ ունենայ նոր գահակալ մը։ Հիւր սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ ծաւալուած աշխատանքին շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց նաեւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու նուիրեալ եւ յանձնառու ծառայութիւնը։ Ան ըսաւ, որ աւանդաբար Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան պարագային կ՚օգտագործուի զինուորեալ որակումը, սակայն այդ բնորոշումը անվարան կարելի է տալ նաեւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու պարագային։

Ընդունելութեան աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուխտաւորներուն նուիրեց աւանդական զատկական հաւկիթներ։

Գանատահայ ուխտաւորներէն ոմանք այսօր կը մեկնին Ռոտոսթօ, ոմանք ալ կը մնան քաղաքիս մէջ։ Վաղուընէ սկսեալ անոնք ուխտագնացութեան ծրագիրը պիտի շարունակեն դէպի Անատոլուի խորքերը, ուր պիտի տեսնեն մեր սրբավայրերը եւ պիտի շնչեն իրենց նախնիներուն ծննդավայրերու մթնոլորտը։ Աւարտելով ուղեւորութիւնը՝ գանատահայ ուխտաւորները պիտի վերադառնան քաղաքս, ուր օր մը եւս մնալէ վերջ պիտի մեկնին։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019