ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի հանդիպում մը ունենալ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ յառաջիկային կը նախատեսէ այցելել Փեքին, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Չինաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։ Ան պիտի մասնակցի նաեւ «Ասիական քաղաքակրթութեան ֆորումին»։

Փաշինեան համոզուած է, թէ Հայաստան առաւել յաւակնոտ պէտք է ըլլայ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու պարագային։ Իր յառաջիկայ այցելութիւնը լաւ առիթ մը կը համարուի, որպէսզի հայ-չինական յարաբերութիւններուն նոր խթան մը տրուի։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ յառաջիկայ աշնան, հոկտեմբերի 1-ին պիտի այցելէ Հայաստան։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ Փութինի առընթեր, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներն ալ պիտի համախմբուին Երեւանի մէջ։ Ըստ վարչապետին, սա շատ կարեւոր առիթ մըն է ու շատ հաճելի պիտի ըլլայ գործընկերները տեսնել Երեւանի մէջ։ «Այդ բոլորի շրջանակներէն ներս տեղի պիտի ունենան նաեւ աշխատանքային երկխօսութիւններ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ Երեւան կը փորձէ նոր մակարդակով յարաբերութիւններ հաստատել Ուաշինկթընի հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019