Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ
Ժընեւի մէջ, Զուիցերիա, երէկ հայութեան տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, «Արմենիա» վերանուանուեցաւ այն հրապարակը, որ կը գտնուի տեղւոյն Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ եւ հայկական կեդրոնի հարեւանութեամբ։
Հրապարակի վերանուանման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեան, Թրիոնեքս շրջանի քաղաքապետը՝ Կի Լաւորել եւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիմնադրամի նախագահ Դանիէլ Փափազեան։
Հանդիսութեան մասնակցեցան զուիցերահայ համայնքէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ։
Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2022