ՑՈՅՑԵՐ, ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ, ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի ընդդիմութիւնը շաբաթավերջին ամբողջ թափով շարունակեց բողոքի ցոյցերը։ Մինչ մայրաքաղաք Երեւանի «Դիմադրութեան» գործողութիւնները շարունակուեցան, միեւնոյն ժամանակ, մեծ հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Վանաձոր եւ Կիւմրի քաղաքներուն մէջ։ Բողոքի ալիքի զանազան փուլերուն ցուցարարներու շարքին յաճախ կը նկատուին նախկին նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։

Խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ծնունդ տուած բողոքի ալիքը վառ դրսեւորումներ ունեցաւ Վանաձորի եւ Կիւմրիի հանրահաւաքներուն ժամանակ։ Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները Երեւանէն ալ ինքնաշարժներու մեծ շարասիւներով ճամբորդելով միացան այդ քաղաքներու ցուցարարներուն։ Ըստ երեւոյթին, Վանաձորի պարագային ամէն ինչ շատ աւելի բարդ է Կիւմրիի բաղդատմամբ։ Արդարեւ, «Առաւօտ» օրաթերթի հաղորդումներով, Կիւմրիի մէջ ընդհարում մը տեղի ունեցած է ընդդիմադիր ցուցարարներուն եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններու շարք մը համակիրներուն միջեւ։ Բաց աստի, Կիւմրիի ճանապարհին, Հոռոմի խաչմերուկին վրայ Երեւանէն մեկնող ընդդիմադիրներու ուղեւորութիւնը արգիլուած է։ Շիրակի մարզէն գերեվարուած զինուորներու հարազատները թոյլ չեն տուած, որպէսզի «Դիմադրութիւն» շարժման անդամները մուտք գործեն Կիւմրի։ Այս փուլին գերիներու ծնողներէն մին պոռթկումը արտայայտելով ըսաւ. «Թալանչիներ, դուք էք մեղաւոր, որ մեր երեխաները գերի են։ Դուք պահ մտած էիք պատերազմի օրերուն։ Ձեր պատճառով մեր երեխաները գերեվարուեցան։ Մինչեւ մեր գերիները ետ չբերէք, Կիւմրի չէք մտներ։ Ինչո՞ւ վառեցիք Թուրքիոյ դրօշը եւ չթողեցիք, որ երեխաները բերեն»։ Արդէն մէկուկէս տարիէ ի վեր որդին գերեվարուած ծնող մը այս բողոքը ուղղեց՝ մասնաւորապէս դաշնակցականներուն։

Այս բոլորէն վերջ ընդդիմութեան հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Կիւմրիի մէջ։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան Կիւմրիի հանրահաւաքի ընթացքին ըսաւ. «Հայաստանը ո՛չ միայն արթնցած է, այլեւ՝ ոտքի կը կանգնի»։ Սաղաթելեան, որ միեւնոյն ժամանակ խորհրդարանի փոխ-նախագահն է, մնացեալ դէպքերը որակեց իշխանութեան սադրանքները։

Իր կարգին, խորհրդարանի «Պատիւ ունիմ» ընդդիմութեան խմբակցութեան ղեկավար երեսփոխան Արթուր Վանեցեան յայտնեց, որ արդէն 2 տարիէ ի վեր Հայաստանի իշխանութիւնները հետեւողական ջանքերով խոր հակամարտութիւն մը կը սանձազերծեն հասարակութեան մէջ։ Իր կարգին, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ երէկ Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ միացաւ ցուցարարներուն եւ յայտնեց, որ Փաշինեանի վարչակազմի հեռացումը կը համարուի հայութեան թիւ մէկ խնդիրը։ «Հայութիւնը հիմա կարեւոր խնդիր ունի լուծելու՝ պէտք է ասոնք հեռացնել եւ անցնիլ աւելի լուրջ հարցերու լուծման», ըսաւ Սարգսեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2022