«ՆԷՅՅԱ» ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆ

«Նիւք­հէթ Է­րէն» ստեղ­ծա­գործ գրա­կա­նու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցը («ՆԷՅՅԱ») 1915-ը կան­խող շրջա­նի ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան հետ­քե­րը բա­ցա­յայ­տող ծրա­գիր մը ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւան։

Աշ­խա­տա­նո­ցի ան­դամ չորս կի­նե­րու նպա­տակն է ստեղ­ծել գրա­կան այն­պի­սի լե­զու մը, որ նպաս­տէ սահ­ման­նե­րը ոչն­չաց­նե­լու։ Ա­նոնք ի­րենց այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Կա­նանց հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ՝ ար­տա­յայ­տուե­լով ե­րեք կին հայ գրո­ղի մա­սին։ Այս առ­թիւ Նիւք­հէթ Է­րէն ը­սաւ, թէ վեր­ջին շրջա­նին կա­տա­րուած թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ ծա­նօ­թա­ցած են ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան եւ խո­րա­պէս տպա­ւո­րուած։ Այս­պէս, Եա­սե­մին Չա­մուր խօ­սե­ցաւ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, Ճե­ւա­հիր Ճոշ­քուն՝ Գրի­գոր Զօհ­րա­պի եւ Իւլ­քիւ Էօզ­տո­ղան ալ՝ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի կեան­քին ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մա­սին։ Նախ­քան իր ե­լոյ­թը, Ճե­ւա­հիր Ճոշ­քուն հա­յե­րէ­նով ար­տա­սա­նեց Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի «Ան­դաս­տան»ը։

Գրա­խա­նու­թի մը մէջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ նշուե­ցաւ, թէ գրա­կա­նու­թիւ­նը բա­ռե­րով կա­մուրջ մը կը ստեղ­ծէ եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։ Մաս­նա­կից­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ ա­ւե­լի շատ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ պէտք է թարգ­մա­նուին եր­կու լե­զու­նե­րու։

Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րե­րը այ­ցե­լե­ցին Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի տուն-թան­գա­րա­նը, «Սի­վի­լի­թաս» հիմ­նար­կը, «Ան­տա­րէս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ շրջե­ցան Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րը՝ ար­ձա­կա­գիր Յով­հան­նէս Թէք­կէօ­զեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015