ԵԼԵԿՏՐՈՆԻԿ ՇՏԵՄԱՐԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դարձ­նէ ա­մե­րի­կա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ գրող Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի բնա­կա­րա­նին ճա­կա­տա­գի­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին կը նա­խա­տե­սուի, որ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ այս առ­թիւ ան պի­տի փոր­ձէ յստա­կեց­նել Սա­րո­յեա­նի տան ճա­կա­տա­գի­րը։ Պօ­ղո­սեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին նշած է, թէ իր գլխա­ւո­րած նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րու եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մի­ջո­ցաւ հե­տե­ւած է Ֆրեզ­նո­յի մէջ գտնուող այդ բնա­կա­րա­նի ա­ճուր­դի գոր­ծըն­թա­ցին։ Զան­գուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան յայտ­նեց, թէ հայ­կա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը չի կրնար ան­տար­բե­րու­թեան մատ­նել այս հար­ցը։ «Պար­զա­պէս, դժուար էր հասկ­նալ, թէ ի՛նչ լծակ­նե­րով կա­րե­լի էր այդ գոր­ծըն­թա­ցը կար­գա­ւո­րել։ Բո­լոր եր­կիր­նե­րը ու­նին նման խնդիր­ներ. վեր­ջերս աղ­մուկ բարձ­րա­ցուց Ֆել­լի­նիի բնա­կա­րա­նի՝ նոյն ձե­ւով ա­ճուր­դի հա­նուե­լու վե­րա­բե­րեալ լու­րը։ Սա­րո­յեա­նի տան պա­րա­գա­յին, կը կար­ծեմ, որ այդ գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւար­տե­ցաւ բա­րե­յա­ջող», ը­սաւ Պօ­ղո­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ բնա­կա­րա­նի նոր սե­փա­կա­նա­տէ­րը մտա­դիր է զայն պահ­պա­նել որ­պէս տուն-թան­գա­րան։ «Իմ մօ­տա­կայ այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով պի­տի ու­նե­նամ յստակ քննար­կում, թէ ա­մե­րի­կա­ցին ի՛նչ պի­տի ը­նէ այդ հար­ցով ու կը յու­սամ, թէ ար­դիւն­քին ա­ւե­լի յստակ տե­ղե­կու­թիւն կ՚ու­նե­նամ։ Իսկ այ­սօ­րուան տուեալ­նե­րով՝ այդ տա­րած­քը պի­տի ըլ­լայ տուն-թան­գա­րան», շա­րու­նա­կեց Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։ Հարկ է նշել, որ Սա­րո­յեա­նի բնա­կա­րա­նի ա­ճուր­դը տե­ղի ու­նե­ցած է ան­ցեալ ամ­սուան սկիզ­բին։

Նոյն մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րուն։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ Հա­յաս­տան այս տա­րի ան­դամ պի­տի դառ­նայ «Եւ­րի­մաժ» հիմ­նար­կին։ Այս վեր­ջի­նը կը գոր­ծէ Եւ­րո­խոր­հուր­դի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ եւ հե­տա­մուտ է շար­ժան­կա­րի հա­մա­տեղ ար­տադ­րու­թեան եւ շար­ժան­կար­նե­րու վար­ձի ա­ջակ­ցու­թեան։ Հա­յաս­տան այդ հիմ­նար­կին պի­տի փո­խան­ցէ իր ան­դա­մավ­ճա­րը եւ այս­պէ­սով պի­տի դառ­նայ ան­դամ։ Պօ­ղո­սեա­նի խօս­քե­րով, այդ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը ա­ռիթ պի­տի ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի եր­կի­րը կա­րե­նայ լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծուիլ այդ կա­րե­ւո­րա­գոյն հիմ­նար­կէն։ «Մենք կ՚ու­նե­նանք շատ լուրջ, բա­րեն­պաստ ի­րա­վի­ճակ շար­ժան­կա­րի ար­տադ­րու­թեան հա­մար», ը­սաւՊօ­ղո­սեան։

Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս տա­րի ար­դէն գան­ձատ­րած է զա­նա­զան թա­տե­րա­խում­բե­րու տասն­հինգ ներ­կա­յա­ցում։ Պօ­ղո­սեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ներ­կայ տա­րին ձօ­նուած է թատ­րո­նին եւ թա­տե­րա­կան ծրագ­րե­րուն։ Այս տա­րուան հա­մար թատ­րո­նը ընտ­րուած է գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն։ Գան­ձատ­րուած ծրագ­րե­րը պատ­կա­նած են թէ՛ պե­տա­կան եւ թէ մաս­նա­ւոր թատ­րոն­նե­րու։ Այդ շար­քին մաս կազ­մած է նաեւ Ջա­ւախ­քի տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նը։ Նա­խա­րա­րը լրագ­րող­նե­րու ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց, թէ հայ­կա­կան թա­տե­րա­խում­բե­րը այս տա­րի կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն նաեւ բազ­մա­թիւ հիւ­րա­խա­ղեր։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Պօ­ղո­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շեց նաեւ, թէ հայ­կա­կան երգ­չախմ­բա­յին ա­րուես­տի նմոյշ­նե­րը կ՚ընդգր­կուին օ­տա­րերկ­րեայ երգ­չա­խում­բե­րու ծրագ­րե­րուն մէջ։ Ան այս ե­րե­ւոյ­թը հա­մա­րեց յա­ջո­ղու­թիւն մը եւ դի­տել տուաւ, որ ներ­կայ տա­րուան սկիզ­բէն ի վեր ե­ղած են բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ, աշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րուն մէջ սկսած են մեկ­նա­բա­նուիլ հայ­կա­կան երգ­չախմ­բա­յին ա­րուես­տի գլուխ գոր­ծոց­նե­րը։

Բաց աս­տի, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կա­րե­ւո­րէ նաեւ ե­լեկտ­րո­նիկ շտե­մա­րան­նե­րու ստեղ­ծու­մը։ Ան վեր­ջին տա­րի­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րու շար­քին թուար­կեց թան­գա­րան­նե­րու, հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րու, գոր­գե­րու շտե­մա­րան­նե­րու ստեղ­ծու­մը։ Ան­ցեալ տա­րի ալ սկսած էր հայ­կա­կան մա­մու­լի եւ հայ գրքի շտե­մա­րան­նե­րուն ստեղ­ծու­մը։ Տա­րես­կիզ­բէն ի վեր թուայ­նա­ցուած են բազ­մա­թիւ պար­բե­րա­կան­ներ։ Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ներ­կայ տա­րուան մէջ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն հե­տա­մուտ կ՚ըլ­լայ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու շտե­մա­րա­նի ստեղծ­ման։ Այս­տեղ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի այն ար­ժէք­նե­րուն, ո­րոնք կը գտնուին ոչ-պե­տա­կան ֆոն­տե­րու մէջ։ Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը զբա­ղի նաեւ ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րու մէջ գտնուող զա­նա­զան մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւն­նե­րով։ Զու­գա­հե­ռա­բար կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի նաեւ հայ­կա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու թուայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ «Մենք պի­տի ու­նե­նանք հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րի շտե­մա­րան։ Երկ­րորդ ուղ­ղու­թիւ­նը, որ սկսաւ 2015 թուա­կա­նին, ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րու թուայ­նա­ցումն է։ Սա յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րի օ­փե­րա­յի ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը վատ վի­ճա­կի մէջ են», ը­սաւ Պօ­ղո­սեան։

Միւս կող­մէ, ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ «Քո­չա­րի» հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան նշա­նա­ւոր պա­րը հա­ւա­նա­բար ընդգր­կուի ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015