ՋՈՒԹԱԿՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒՄ

Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի ա­նուան 11-րդ մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան մրցոյ­թի շրջագ­ծով Խա­չա­տու­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նին մէջ կա­յա­ցաւ հա­զուա­գիւտ լա­րա­յին գոր­ծիք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տա­նի մէջ ցու­ցադ­րուե­ցան հնա­գոյն ջու­թակ­ներ՝ Ան­թո­նի Սթրա­տի­վա­րիու­սի 1711 թուա­կա­նին, Նի­քո­լօ Կա­լիա­նո­յի 1780 թուա­կա­նին ստեղ­ծուած եւ աշ­խար­հահռ­չակ այլ վար­պետ­նե­րու կող­մէ 18-րդ դա­րուն պատ­րաս­տուած լա­րա­յին գոր­ծիք­ներ։ Այս բա­ցա­ռիկ ցու­ցա­հան­դէ­սը կա­յա­ցաւ զուի­ցե­րա­կան յայտ­նի Del Gesu հիմ­նադ­րա­մի հետ «Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան-մրցոյթ» մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րա­մի եր­կա­րա­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015