ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Չե­խիոյ Նա­խա­գահ Մի­լոշ Զե­ման ե­րէկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Մի­լոշ Զե­ման Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Սերժ Սարգ­սեան իր հետ ու­նե­ցաւ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, որ­մէ վերջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան նա­խա­գահ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Հա­յաս­տան-Չե­խիա գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման։ Ի պա­տիւ իր չեխ պաշ­տօ­նակ­ցին Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մըն ալ սար­քեց նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ։ Այս ա­ռա­ւօտ ար­դէն Մի­լոշ Զե­ման ա­ւար­տեց Ե­րե­ւա­նի շփում­նե­րը եւ ի­րեն ի պա­տիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Սարգ­սեան եւ Զե­ման ե­րէկ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որ կը նա­խա­տե­սէ երկ­կող­մա­նի բա­րե­կա­մու­թեան խո­րա­ցու­մը։ Հա­յաս­տան-Չե­խիա գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ալ շօ­շա­փուե­ցան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Ներ­կա­յիս հայ­կա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ, որ Չե­խիոյ օ­դա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը վերսկ­սի դէ­պի Ե­րե­ւան թռիչք­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016