ՀԲԸՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՔԱՅԼԵՐ

Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) նա­խա­ձեռ­նած՝ Ար­ցա­խին օ­ժան­դա­կե­լու ար­շա­ւէն (#Help Artsakh) ցարդ գո­յա­ցած է 325.000 տո­լար գու­մար մը, մինչ դրա­մա­հա­ւա­քը եւ օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը տեղ հասց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Մա­յիս 13-ին, ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լած են վի­րա­ւո­րուած եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ դար­մա­նուող շարք մը հայ զի­նուոր­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ նա­հա­տա­կուած եւ վի­րա­ւո­րուած կարգ մը զի­նուոր­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րը Շի­րակ եւ Ա­րա­րատ մար­զե­րուն մէջ, իւ­րա­քան­չիւ­րին յանձ­նե­լով 1000-ա­կան տո­լար գու­մար մը։

Նաեւ, Մա­յիս 21-22-ին, ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լած են Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի զի­նուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցը եւ Ար­ցա­խի Մար­տա­կերտ, Մար­տու­նի եւ Հադ­րութ շրջան­նե­րուն մէջ գտնուող նա­հա­տակ կամ վի­րա­ւոր զի­նուոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն՝  իւ­րա­քան­չիւ­րին յանձ­նե­լով 1000-ա­կան տո­լար գու­մար մը։

Հա­յաս­տա­նի ՀԲԸՄ-ի փոխ-տնօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան նաեւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է Ար­ցա­խի Վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Ար­ցա­խին օ­ժան­դա­կե­լու նպա­տա­կով ՀԲԸՄ-ի նա­խա­ձեռ­նած աշ­խա­տան­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Այս ծրագ­րին մաս կը կազ­մեն բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու նուի­րում եւ բա­նա­կին ա­ջակ­ցե­լու քայ­լեր։

Ապ­րի­լէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ը ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րած է նաեւ ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով տե­ղա­հան ե­ղած 70 հա­յոր­դի­նե­րու, ո­րոնց­մէ 30-ը ե­րա­խա­ներ են, զա­նոնք հիւ­րըն­կա­լե­լով Ստե­փա­նա­կեր­տի «Նա­յի­րի» պան­դո­կին մէջ։ Ար­ցա­խի մէջ օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ տրա­մադ­րուած են նաեւ վի­րա­ւո­րուած եւ նա­հա­տա­կուած 21 զի­նուոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու բա­ժա­նու­մը հա­մա­կար­գե­լու հա­մար, ՀԲԸՄ կը խորհր­դակ­ցի Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ նա­հա­տակ եւ վի­րա­ւոր զի­նուոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թիւն հասց­նող այլ կազ­մա­կե­պու­թեանց հետ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016