ՄԻՏԵԱԹԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Վեզ­նե­ճի­լէ­րի մէջ, Իս­թան­պուլ, նա­խըն­թաց օր պա­տա­հած պայ­թու­մին ցնցու­մը չյաղ­թա­հա­րուած՝ ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն Թուր­քիա ապ­րե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան նոր դէպ­քի մը ցա­ւը։ Մար­տի­նի Մի­տեաթ գա­ւա­ռա­կի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան շէն­քը յար­ձակ­ման են­թար­կուե­ցաւ ՓՔՔ­-ա­կան ա­հա­բե­կի­չի մը կող­մէ։ Ա­հա­ւոր պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով շէն­քը վե­րա­ծուե­ցաւ փլա­տա­կի։ Եր­կու կին ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ, ե­րեք հայ­րե­նա­կից ալ զո­հուե­ցաւ։ Այս հինգ ցա­ւա­լի կո­րուստ­նե­րուն ա­ռըն­թեր դէպ­քին հե­տե­ւան­քով բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ վի­րա­ւո­րուե­ցան։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն թիւն է 51։

Ըստ դէպ­քի վայ­րէն հա­ղոր­դուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, ոս­տի­կան­նե­րը կաս­կա­ծե­ցան ժա­մը 11.15-ին շէն­քին առ­ջեւ մօ­տե­ցած ինք­նա­շար­ժէն ու կրակ բա­ցին ա­նոր վրայ։ Իսկ ա­հա­բե­կի­չը յա­ռա­ջա­ցաւ մին­չեւ շէն­քի մուտ­քի դար­պասն ու ձո­ղե­րը, ուր պայ­թե­ցուց ինք­նա­շար­ժը։ Ե­թէ այդ ար­գելք­նե­րը չըլ­լա­յին, հե­տե­ւանք­նե­րը շատ ա­ւե­լի ող­բեր­գա­կան պի­տի ըլ­լա­յին։ Նա­հա­տա­կուած կին ոս­տի­կան­ներն են Նե­ֆի­սէ Էօզ­սոյ եւ Շե­րի­ֆէ Էօզ­տէն Քալ­մըշ։ Հարկ է նշել, որ այս վեր­ջի­նը նախ­կին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւ­լի թիկ­նա­պահ­նե­րու խում­բին ալ մաս կազ­մած էր։

Միւս կող­մէ, նա­խըն­թաց օր Վեզ­նե­ճի­լէ­րի մէջ պա­տա­հած դէպ­քին վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ այ­սօր կը զբա­ղեց­նեն տե­ղա­կան մա­մու­լի օ­րա­կար­գը։ «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը կը գրէ, որ Իս­թան­պու­լի մէջ պայ­թե­ցուած ռում­բե­րուն հետ­քը կը հաս­նի մին­չեւ Տիար­պա­քը­րի Լի­ճէ գա­ւա­ռա­կը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016