ՆԱԹՕ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
«The Wall Street Journal» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթը վերջերս տեղեկացուց, թէ ՆԱԹՕ կը ծրագրէ ստեղծել լրաքաղութեան բաժանմունք մը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է դիմադրել ահաբեկչական սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւրացնել լրաքաղութեան տուեալներու փոխանակումները։
Ամերիկացի եւ եւրոպացի իրաւասուներուն կողմէ փոխանցուած տուեալներուն հիման վրայ յիշեալ թերթը կատարած է այս հաղորդումները։ ՆԱԹՕ ընդհանրապէս ԱՄՆ-ի լրաքաղութեան համակարգէն կախեալ կառոյց մըն է։ Դաշինքի անդամ երկիրները ներկայիս յարմար կը դատեն լրաքաղութեան մասնաւոր կեդրոնի մը ստեղծուիլը՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման սպառնալիքներուն դէմ աւելի ազդու պայքարելու համար։
Կը նախատեսուի, որ ՆԱԹՕ-ի այս բաժանմունքը ձեւաւորուի յառաջիկայ ամիս։