պատժամիջոցներու ԱԶԴԱՆՇԱՆ
Թուրքիա-Գերմանիա առանցքին վրայ ցնցումը կը շարունակուի՝ Պունտեսթակի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղեալ որոշումէն վերջ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, երէկ Գերմանիոյ դէմ պատժամիջոցներու ազդանշանը տուաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորուելէ առաջ։
Անգարայի որդեգրելիք պատժամիջոցներուն վերաբերեալ հարցման պատասխանելով՝ Էրտողան ըսաւ. «Նման քայլերը չեն գործադրուիր յայտարարելով։ Անվտանգութեան գագաթաժողովին ընթացքին այս նիւթերը քննարկեցինք մանրամասնօրէն»։ Ըստ իրեն, կառավարութեան հետ նեղ շրջանակի ձեւաչափով ծաւալուն աշխատանքով մը կարգ մը առանցքներ յստակացուած են։ Յառաջիկային թրքական կողմին քայլերը պիտի յստականան ըստ այդմ։
«630 հոգիէ բաղկացեալ խորհրդարանէ մը ներս շուրջ 200 հոգիով նման որոշման մը ընդունուիլը ուշագրաւ է։ Յարգելի շանսէօլիէին այդ քուէարկութեան չմասնակցիլը ուշագրաւ է։ Չմասնակցեցաւ նաեւ այն անձնաւորութիւնը, որ կը գտնուի գլխաւոր ընդդիմութեան գլուխը։ Այս բոլորը ուշագրաւ են։ Բնականաբար մեր յարաբերութիւններուն տեսակէտէ մտածելիք նիւթեր են այս բոլորը։ Նախ եւ առաջ, Գերմանիա պէտք է հրաժարի այս սխալ քայլէն։ Այլապէս, բնականաբար մենք ալ կարգ մը տարբեր քայլեր պէտք է առնենք։ Յառաջիկայ գործընթացը պիտի չըլլայ ցարդ եղածին նման։ 3-3.5 միլիոն թուրք կ՚ապրի այս պահուն Գերմանիոյ մէջ, ուր կայ գործընթաց մը։ Յետայսու սա պիտի ընթանայ շատ աւելի ուշադիր եւ վերապահ», ըսաւ Էրտողան։
Հարկ է նշել, որ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ վերջին օրերուն գերմանական մամուլին մէջ յօդուած մը գրի առնելով յայտնած էր, թէ գերմանիա վնաս հասցուցած է խաղաղութեան։
Մինչ այդ, արեւմտեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ ստեղծուած իրադրութեան։ «Foreign Policy» ամերիկեան պարբերականը վերջերս հարց տուաւ, թէ արդեօք Թուրքիա կը կորսնցնէ՞ Եւրոպայէ ներս իր միակ գործընկերը։ Ամերիկեան մամուլէն «The New York Times»ի արձագանգն ալ եղաւ աւելի արմատական։ «Այո, սա ցեղասպանութիւն է», գրեց թերթը, որու մօտեցմամբ՝ Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի գործընկերներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն հասցուած վնասին պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Թուրքիոյ այն մեծամասնութեան, որ կը հրաժարի ճանչնալ սեփական պատմութեան մութ կէտը։
Ամերիկեան թերթը մատնանշած է, որ պատմաբանները առանց որեւէ կասկածի հաստատած են, թէ աւելի քան 1.5 միլիոն հայ 1915-1916 թուականներուն սպաննուած կամ մահուան երթի ուղարկուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ «Հայոց համար, որոնց միլիոնաւորները ցրուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ, կոտորածներու որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը երկարատեւ եւ զգայուն ազգային առաքելութիւն մը եղած է», շեշտած է ամերիկեան թերթը՝ աւելցնելով, թէ որքան աւելի շատ երկիր կը ճանչնայ այդ մէկը, Թուրքիա կը դառնայ այնքան ակրեսիւ։ Ամերիկեան այս թերթը, որ վերջին շրջաններուն խիստ քննադատութիւններ կը հասցէագրէ Էրտողանին, նշած է նաեւ՝ թէ Անկելա Մերքէլ Պունտեսթակի քուէարկութենէն բացակայած է Էրտողանի սպառնալիքներուն ազդեցութեամբ։