Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱՊԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Երկու ղեկավարներու Քրեմլինի բանակցութիւններէն վերջ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ կը խրախուսէ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը։
Փութինի համոզմամբ, երկիրներու միջեւ խնդիրները որքան որ քիչ ըլլան, այնքան լաւ է։ Հետեւաբար, ռուսական կողմը կ՚ողջունէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ներկայ գործընթացը։
Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016