ՍՊԱՆԻՈՅ ՏԵՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆ ՄԵՐԺԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
Սպանիոյ մէջ տեղական խորհրդարաններէն մէկուն մօտ երէկ մերժուեցաւ հայկական բանաձեւ մը, ինչ որ այսօր լայն արձագանգ գտած է Թուրքիոյ մօտ։ Երկրի հիւսիս-արեւմուտքի Կալիսիայի շրջանի խորհրդարանը Ապրիլի 25-ին օրակարգի վրայ բերուած բանաձեւին շուրջ երէկ քուէարկութիւն կատարեց ընդհանուր ժողովին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Կալիսիան Սպանիոյ 17 ինքնավար շրջաններէն մին է։
Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներուն շուրջ բանաձեւին դէմ քուէարկեց 38 պատգամաւոր։ Բանաձեւին ի նպաստ տրուեցաւ 32 ձայն։ Արդիւնքին բանաձեւը մերժուեցաւ։ Տեղական խորհրդարանի խառն խումբին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած էր բանաձեւը, որուն դէմ քուէարկեց պահպանողական-աջակողմեան Ժողովրդական կուսակցութիւնը՝ որ մեծագոյնն է շրջանէն ներս։
Մատրիտի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էօմէր Էօնհոն այս արդիւնքին լոյսին տակ յայտնեց, թէ Կալիսիայի խորհրդարանը հայկական միակողմանի տեսակէտներու ազդեցութեան տակ չէ մնացած եւ առած է արդար որոշում մը։