ԴՐԱԿԱՆ ԵՒ ՋԵՐՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը երէկ երեկոյեան սարքեց իֆթարի սեղան մը։ Մահմետական աշխարհի ծոմապահութեան նուիրական ներկայ շրջանին Պատրիարքական Աթոռը այս ձեւով հերթական անգամ հանդէս եկաւ համակեցութեան ոգիի ամրապնդման հետամուտ նախաձեռնութիւնով մը։ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տանտիրութեամբ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած երեկոյթին մասնակցութիւն բերին պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Դրական ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթը, որու պատուոյ հիւրն էր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու։ Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին, երեսփոխան Մարգար Էսաեան, մտաւորականներ, հասարակական, կրօնական շրջանակներէ դէմքեր։ Պատրիարքական Աթոռը երեկոյթին հրաւիրած էր նաեւ մեր համայնքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, շարք մը բարերարներ, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Խորհրդակցական մարմնի անդամներ եւ այլ դէմքեր։ Ներկայ էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։

Երէկ երեկոյեան առաջին հերթին Պատրիարքարան ժամանեց կուսակալ Վասիփ Շահին, որու հետ նորին սրբազնութիւնը զրուցեց Պատրիարքարանի մէջ։ Աւելի ուշ ժամանեց նաեւ նախարար Սիւլէյման Սոյլու, որու դիմաւորումէն վերջ սկսաւ ընթրիքը։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, որ բացումին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւս ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց բարձրաստիճան պաշտօնատարները Պատրիարքարանէ ներս հիւրընկալելու առիթին բերումով։ «Որպէս հոգեւորականներ՝ մենք միշտ կ՚աղօթենք առ Աստուած՝ որպէսզի սէրն ու խաղաղութիւնը տիրեն մեր հասարակութեան, երկրին մէջ եւ համայն աշխարհի վրայ։ Տօնական շրջաններու այս գեղեցիկ համախմբումները կարծես ալ աւելի իմաստալից կը դարձնեն մեր այդ աղօթքները։ Այսպէսով կ՚ամրապնդուինք մեր հաւատի ճամբուն վրայ եւ իրարու կը փառինք՝ որպէս նոյն արարչի զաւակները։ Որքան որ խօսինք սիրոյ ու խաղաղութեան լեզուն՝ այնքան կը զգանք, թէ իրար աւելի լաւ կը հասկնանք, իրարու նկատմամբ կը դառնանք աւելի նախանձախնդիր եւ իրարու իրաւունքին նկատմամբ մեր տածած սէրը կը մեծցնենք։ Այն աշխարհագրութիւնը, որու մէջ կը գտնուինք, պատմութեան բոլոր շրջաններուն բնորոշուած է բազմամշակոյթ եւ բազմազան կառոյցով։ Այս երեւոյթը ի զօրու է նաեւ այսօր, ինչ որ մեր բոլորը կը համախմբէ ամուր հասարակաց յայտարարի մը վրայ», նշեց նորին սրբազնութիւնը։

Իֆթարի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ Սիւլէյման Սոյլու, որ եւս փոխանցեց համակեցութեան ու միասնականութեան դրական պատգամներ։ Ան մատնանշեց, որ կառավարութիւնը միշտ հետամուտ է փոքրամասնութիւններու խնդիրներու լուծման։ Նախարարը յայտնեց, որ միշտ անմիջական շփման մէջ կը գտնուին թրքահայ համայնքային շրջանակներուն հետ։  

  

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018