ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԷՆ ՅՈՐԴՈՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսաց ժողով մը։ Այս խորհրդակցութեան մասնակցեցան Հայաստանէն ներս պաշտօնավարող սրբազաններ, որոնց միացան նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի աշխարհական անդամները։ Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութիւնը կը վերաբերի՝ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս վերջին շրջանին ծնունդ առած տհաճ խնդիրներուն։ Արդարեւ, ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններու լոյսին տակ վերջերս կարգ մը շրջանակներ կը փորձեն խանգարել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդորրը՝ թիրախաւորելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածինը եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի անձը։ Երէկուան Եպիսկոպոսաց ժողովէն վերջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

Վերջին օրերուն որոշ անձեր հանդէս եկան նախաձեռնութեամբ՝ կազմակերպելով բողոքի ցոյցեր, հրապարակումներ համացանցի վրայ եւ ելոյթներ լրատուամիջոցներու մէջ, որոնցմով մտահոգութիւն կը յայտնէին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առընչուող շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ։ Այս ընթացքին փաստազուրկ մեղադրանքներ եւ վերագրումներ կատարուեցան նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին՝ վերջնագրային եղանակով պահանջելով Նորին Սրբութեան հրաժարումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահէն։

Անընդունելի է մտահոգութիւններու ներկայացման որդեգրուած վերջնագրային ոճը, որ կը ներկայացուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ առաջադրուած պահանջի տեսքով։ Եպիսկոպոսաց դասը, իբրեւ հիմնական երաշխաւորը Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական կարգի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանգամանքի անձեռնմխելիութեան, կը հաստատէ, որ կաթողիկոսի հրաժարականը՝ արտաքին եւ բռնի միջամտութեան միջոցաւ պարտադրուած, հակականոնական է ուստի եւ անվաւեր։

Մենք կը գիտակցինք եկեղեցւոյ ապագայի նկատմամբ մեր պատասխանատուութիւնը եւ ժամանակակից կեանքի պայմաններուն համարժէք՝ եկեղեցական կեանքի բարեփոխումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

Յարգանք դրսեւորելով մեր եկեղեցւոյ նախանձախնդիր հաւատացեալներու ողջամիտ ակնկալութիւններու եւ սպասումներու նկատմամբ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական մարմիններու՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի, Եպիսկոպոսաց ժողովի, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի, Ազգային-եկեղեցական ժողովի շրջանակներէն ներս կը շարունակենք քննարկել եւ արդիւնաւորել եկեղեցական բարեփոխումներու գործընթացը՝ հաւատացեալներու հոգեւոր պահանջները առաւելագոյնս բաւարարելու համար։

Յառաջիկայ Կիրակի Բարեկենդանն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պահքի, որուն պիտի յաջորդէ Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնը։ Սա հրաշալի առիթ մըն է, որպէսզի պահեցողութեան այս օրերուն ամէնքս զօրացնենք աղօթական մեր կեանքը՝ հոգեւոր խորհրդածութիւններու միջոցաւ համերաշխութեան ոգին ամրացնելու եւ սրբազան մեր առաքելութիւնը առաւել արգասաւոր դարձնելու համար։

Կը հրաւիրենք մեր եկեղեցւոյ բարեպաշտ հաւատացեալները՝ աղօթական խաղաղ ու խոնարհ հոգիով շարունակել մնալ աստուածապաշտութեան մէջ եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել մեր եկեղեցական կեանքին՝ ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի փառս Աստուծոյ։

Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհը, Աստուծոյ սէրը եւ Ս. Հոգւոյ հաղորդութիւնը ձեզի հետ ըլլան. Ամէն։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018