ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՄՓՈՓՈՒԵՑԱՒ ՌՈԶ ՀԻԼԶԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Ամերիկահայ յայտնի բժիշկ, ազգային գործիչ ու բարերար՝ նորոգ հանգուցեալ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Այրին՝ Շողակ Յովհաննէսեան, հարազատները եւ այլ մերձաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Մարմինը ամփոփուեցաւ Ռոզ Հիլզ գերեզմանատան մէջ, Լոս Ալճելըսի շրջան։

Հոգելոյս Ռաֆֆի Յովհաննէսեան 1938 թուականին ծնած էր Երուսաղէմի մէջ։ Ան մահացած էր 27 մայիս 2020-ին եւ իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած էր հայաշխարհէ ներս։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020