ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները մտահոգիչ համայնապատկեր մը կը ցոլացնեն Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները, ըստ որոնց նոր վարակեալներու թիւը վերստին կը մօտենայ հազարի շեմին։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 39 հազար 361 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 989 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ առողջացածներու թիւը եղաւ 3 հազար 411։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի մահացաւ համավարակի հետեւանքով։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է 4 հազար 711-ի։ Բուժուածներու առընթեր, արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ հիւանդներու թիւն ալ նուազած է։ Բայց եւ այնպէս, խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդներու թիւը բարձրացած է։ Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ եթէ նախազգուշական միջոցները նուազին, ապա սպառնալիքը պիտի մեծնայ։ Ըստ իրեն, ներկայիս նոր դէպքերու թիւը տեղաշարժի մը մէջ է եւ այդ մէկը կարելի է դիւրութեամբ կանխել՝ դիմակ կրելու եւ ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահպանելու պայմանաւ։

Զանգուածային բոլոր լրատուութեան միջոցներն ալ իրերայաջորդ զգուշացումներով հանդէս կու գան՝ համաճարակի նոր ալիքի մը ծնունդ առնելը կանխելու նպատակով։ Հանրային վայրերու մէջ խտացումները, զօրակոչերու համար հրաժեշտները միշտ կը դասուին վերջին օրերու ժխտական երեւոյթներու շարքին։ Բաց աստի, ընդհանուր կարգապահութեան տկարացման տեսակէտէ կը թուարկուին այլ շարք մը գործօններ։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ անոր ենթակայ Գիտական խորհուրդը անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն հասարակութեան իրազեկման ուղղութեամբ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդին կարեւոր մասը այս պահուն ունի այն համոզումը, թէ քորոնաժահրի ազդեցութիւնը տկարացած է։ Մինչ այդ, այս ուղղութեամբ որեւէ գիտական տուեալ գոյութիւն չունի։ Սխալ համոզումներէն մին ալ այն է, որ եղանակի տաքացման շնորհիւ համաճարակի ծաւալման թափը նուազած է։ Մինչդեռ, մասնագէտները այս պարագան ալ չեն հաստատեր։ Նախազգուշացման միջոցներու տեսակէտէ առաւել չափով կը թերանան անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ համաճարակը արդէն վերջ գտած է։ Մինչդեռ, այժմու կանխատեսումներով՝ նոր վարակեալներու թիւը դարձեալ կրնայ գերազանցել հազարի շեմը։ Մասնագէտներու ենթադրութեամբ, յառաջիկայ շաբթուան կէսերուն նոր դէպքերու թիւը կրնայ բարձրանալ շուրջ 1100-ի։ Ասով հանդերձ, անոնք խորհուրդ չեն տար առօրեայի յարաբերական բնականոնացման ուղղեալ քայլերը սահմանափակել։ Արդարեւ, հասարակութեան կէսը կը հնազանդի նախազգուշական միջոցներուն։ Նոր դէպքերու քանակութեան բարձրացման պատճառն է հասարակութեան այն հատուածը, որ չի հնազանդիր այդ միջոցներուն։ Ուստի, մասնագէտները խորհուրդ կու տան՝ ձեռք առնել միջոցներ, որպէսզի այդ հատուածն ալ հնազանդի նախազգուշական միջոցներուն։ Ի լրումն այս բոլորին, հաշուի կ՚առնուի նաեւ սահմանափակումներով պայմանաւորուած յոգնութեան հանգամանքը։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնն ալ հրապարակեց վիճակագրական նոր տուեալներ, ըստ որոնց երկրագունդի վրայ հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը հասած է 7 միլիոն 167 հազար 404-ի։ Ցարդ աշխարհի վրայ համաճարակի հետեւանքով մահացած է 407 հազար 407 հոգի։ Առողջացած վարակեալներու թիւն է 3 միլիոն 504 հազար 300։

Այս տուեալներու լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ վարակումներու ծաւալումը մրցանիշային մակարդակի մը հասած է՝ հակառակ, որ մահերու պարագային որոշ նուազում մը կայ։ Այժմու դրութեամբ վարակի հիմնական օճախները կը հանդիսանան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Պրազիլը եւ Ռուսաստանը։ ԱՄՆ-ի մէջ վարակեալներու թիւը  արդէն գերազանցած է 2 միլիոնի սահմանը։ Պրազիլի մէջ 700 հազարի կը մօտենայ վարակեալներու թիւը եւ այդ երկրի իշխանութիւնները որոշած են դադրեցնել առօրեայ վիճակագրական տուեալներու հրապարակումը։ Ռուսաստանի մէջ ալ վարակեալներու թիւը կը մօտենայ կէս միլիոնի, սակայն երէկուան դրութեամբ միջազգային փոխադրումներու աստիճանաբար վերսկսման մասին յայտարարութիւններ կատարուած են։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020