3 ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հայաստանի մէջ կարեւոր երեք պաշտօններու պարագային երէկ նոր նշանակումներ կատարուեցան՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրերով։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկով՝ Վահէ Ղազարեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ, Օննիկ Գասպարեան նշանակուեցաւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ Արգիշտի Քեարամեան նշանակուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն։

Հայաստանի մէջ ներկայիս ներքին քաղաքական կեանքէ ներս կը նկատուի որոշ լարուածութիւն եւ այս համայնապատկերին վրայ կը մեկնաբանուին այս նշանակումները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ առկայ իրավիճակին մէջ երկրի շահը կը պահանջէր նման որոշումներու կայացում։

Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին ալ նշանակումներ կատարուած էին ոստիկանապետի եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօններուն համար։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այժմ արդէն նախկին այդ պաշտօնատարներուն ծառայութեան ներուժը սպառած չէ եւ ըստ իրավիճակի հաւանական է անոնց ապագայ ծառայութիւններու հարցին քննարկումը։ Իսկ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի փոփոխութիւնը բոլորովին տարբեր երեւոյթով մը պայմանաւորուած է։ Վերջին տարիներուն այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր Արտակ Դաւթեան, որու որդին անցեալ շաբաթավերջին ամուսնացաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Հանրային կարծիքը ականատես եղաւ, որ այդ ամուսնութեան ժամանակ չեն պահպանուած համաճարակի դէմ պայքարի համար սահմանուած միջոցները։ Այս խնդիրը հիմք ստեղծած է Արտակ Դաւթեանի պաշտօնազրկման։ Արդարեւ, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, հակահամաճարակային կանոններու պահպանման ժամանակ պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման բոլոր մարմինները պէտք է սեփական օրինակով ցոյց տան ծայր աստիճան եւ անվերապահ կարգապահութիւն։ Այս իրավիճակին մէջ, Արտակ Դաւթեանին յաջորդած է Օննիկ Գասպարեան, որ արդէն ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահն էր եւ հիմա իր նոր պաշտօնին կոչուած է հինգ տարուան ժամկէտով։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020