ԱՆԿՈՒՄԸ ԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԻ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտնեց, որ այս տարի երկրէն ներս տնտեսական աճի աւելի բարձր ցուցանիշ մը պիտի ըլլայ՝ քան կանխատեսուած 1.4 տոկոսը։ Ըստ իրեն, տնտեսական աշխուժութիւնը առաջին եռամսեակին կանխատեսուածին չափ անկում չէ ունեցած։ Թէեւ -6 տոկոսի անկում մը կը նախատեսուէր, սակայն առաջին եռամսեակին այդ համեմատութիւնը կազմած է -2 տոկոս։ Մարթին Գալստեան դիտել տուաւ, որ ծառայութիւնները ինքզինքնին աւելի լաւ կը դրսեւորեն, փոխանցումներու առումով արտաքին պահանջարկէ եկած ազդակներ կան, փոխանցումները աւելի շատ են ու կան նաեւ այլ քանի մը գործօններ։

Մարթին Գալստեան դիտել տուաւ, որ տնտեսական ցուցանիշներու կանխատեսումներուն զուգահեռ գնաճը կը շարունակէ հարուածել երկրի քաղաքացիներու դրամապանակները եւ մինչեւ տարեվերջ ան կրնայ թափ ստանալ։ «Արտասահմանէն եկած ալիքները չեն դադրիր։ Այսինքն, մենք կը տեսնենք, որ միջազգային ապրանքահումքային շուկաներէ ներս ապրանքներու գիները կը շարունակեն աճիլ, ինչ որ կ՚ազդէ նաեւ Հայաստանի վրայ։ Կը նախատեսենք, որ մինչեւ տարեվերջ գնաճի որոշ արագացում մը տեղի ունենայ», ըսաւ ան։

Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Մարթին Գալստեան դիտել տուաւ, որ երկրի տնտեսութիւնը կրած է համավարակի եւ ռազմական դրութեան ժխտական ազդեցութիւնները։ Նուազած են աւանդները եւ վատորակ վարկերը աճած։ Այս բոլորի հետեւանքով անցեալ տարի Հայաստանի տնտեսութեան մէջ -7.4 տոկոս անկում արձանագրուած է։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021