ԼԻԲԱՆԱՆ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ, ԴԷՊԻ ՓԼՈՒԶՈ՞ՒՄ

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, որ ահազանգային կոչով մը հանդէս եկաւ ու խօսք ուղղեց «մեծ պետութիւններ»ուն՝ արագօրէն միջամտել եւ օգնել Լիբանանին։ Ան յաւելեց նաեւ, որ եթէ անոնք արագ չշարժին, վաղը ուշ կրնայ ըլլալ...։ Տիապ, որ կը համարուի «քաղաքական խաղադաշտ»էն դուրս եկած անձնաւորութիւն, ներկայիս կը վարէ վարչապետի պաշտօնակատարի «գործ»ը այն պատճառով, որ իր հրաժարականէն ետք վարչապետ նշանակուած Սաատ Հարիրի մինչեւ այս պահը չկարողացաւ կազմել նոր կառավարութիւն մը։ Ամէն պարագայի յստակ է, որ Տիապի ներկայութիւնը եւ որպէս հրաժարեալ վարչապետ իր պաշտօնին վրայ մնալը՝ ձեւով մը «սպունգ»ի ազդեցութեան համազօր դեր մըն է։ Այն իմաստով, թէ նոյն Տիապն է, որ կը շարունակէ կապը ըլլալ մէկ կողմէ երկրի իշխանութիւններուն, իսկ միւս կողմէ ամերիկացիներուն միջեւ։ Թէեւ անոնք մինչեւ այս պահը շատ ալ տխուր չեն, որ Լիբանան կը շարունակէ իր «վերջին շունչեր»ը քաշել։

Վերակենդանացման սենեակի մէջ է Լիբանան, զանազան առումներով ալ հասած է բաւականին վտանգաւոր փուլ մը։ Ըստ երեւոյթին, երկրին դէմ դրուած ամպարկոյին զուգահեռ, նաեւ գոյութիւն ունի քաղաքական գերլարուած պաշարում մը, որ ջուրը կը նետէ բոլոր ճիգերը եւ ձախողութեան կը մատնէ նոր կառավարութիւն կազմելու փորձերը։ Եթէ արագ վերաքաղ մը ընենք, ապա անպայման պիտի յիշենք, որ առնուազն վերջին մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցան բազում փորձեր, որոնց հիմնական նպատակը նոր եւ դրական կառավարութիւն մը գոյացնելն էր։

Այդ նախաձեռնութիւններուն ամենախոշորն ու ազդեցիկը Փարիզի կողմէ գործադրուած ճիգերն էին, որոնք ոչ միայն տապալեցան, այլ նաեւ լիբանանցիներուն կողմէ Ֆրանսայի հանդէպ ունեցած յարգանքին ու հաւաստիքին կարեւոր մէկ տոկոսը ի չիք դարձուցին։

Այդ փուլէն ետք նկատելի դարձաւ, որ մարոնիներու Ռահի Պատրիարքին կողմէ կ՚առնուէին բաւականին կարեւոր քայլեր, որոնք նոյնպէս տապալեցան։ Հակառակ անոր, որ այդ ճիգերուն մէջ կար Վատիկանի աներեւելի ձեռքը, որ ինչ-որ կերպ բոլոր լիբանանցիներուն համար ընդունելի էր։ Անկէ ետք ու մասնաւորապէս վերջին շաբաթներուն երկրի ամենափորձառու գործիչներէն մին՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին իր ձեռքերը «սոթտեց» ու յայտարարեց, որ ամէն ճիգ պիտի ընէ, որպէսզի Սաատ Հարիրի ի վերջոյ կարողանայ իր «խոստացուած» կառավարութիւնը կազմել… սակայն ի զուր... այդ ալ տապալեցաւ։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, արդէն յստակ սկսած է դառնալ, որ Տիապի հրաժարեալ վարչապետի պաշտօնին վրայ մնալը ունի մի քանի կարեւոր պատգամներ, որոնք կը պարփակուին հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Ա. Կամ այն է, որ ամերիկացիք իրապէս վճռական կեցուածք ունին Լիբանանին հանդէպ ու պիտի ընեն ամէն ինչ, որպէսզի երկրի տնտեսութիւնը փլուզուի։

Բ. Կամ ալ կան որոշ միտումներ, որոնք երկիրը կ՚ուզեն տանիլ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու։

Ընտրական օրակարգով թէեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ յստակ «կանաչ լոյսեր» չկան, սակայն մերթ ընդ մերթ լսելի կը դառնան որոշ ձայներ, որոնք ընտրութիւնը կարեւորելէ հեռու երթալով հանդէս կու գան, որպէս արեւմտեան երկիրներու կամ արեւմտեան պլոքի խօսնակներ։

Անշուշտ, այս խառն դրութեան մէջ Արեւմուտքի միակ երեւելի փափաքը այն է, որ Լիբանանի ժողովուրդը դարձեալ փողոց իջնէ, դատապարտէ «Հիզպուլլահ»ին դերը ու «սթարթ»ը տայ քաղաքացիական ներքին բախումներու։ Դժուար չէ «Հիզպուլլահ»ին դէմ բախումներ հրահրելը, որովհետեւ Ծոցի Արաբական երկիրներուն համար Իրանի ազդեցութեամբ գործող այդ կուսակցութիւնը դարձած է «աչքի փուշ»։

Բացի վերոնշեալներէն, կենսական հարցը այլ է։ Աւելի խորն ու յստակ է հարցը, որ երկրին առկայ դժուարութիւնները կրնան ստեղծել այնպիսի վիճակ մը, որու պատճառաւ քաղաքացիներ նախքան սովի եւ ծարաւի ափերուն կանգնելու, մղուին զիրար սպաննելու գործին։

Այդ մօտեցումին մենք՝ հայերս «եղբայրասպան կռիւներ» ընդհանուր վերնագիրը կու տանք։ Սակայն եկուր տես, որ Լիբանանի երեսուն տարուան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ լիբանանցիք ոչ թէ եղբայրութեան մէջ կ՚ապրին, եղբայրութեան հաց ու արեւ կը կիսեն, այլեւ անոնք կ՚ատեն զիրար։

Լիբանանցիները կ՚ատեն ոչ թէ համայնքային դրուածքներու հետեւանքով իրարմէ օտարուած միւս համայնքի զաւակները, այլ կ՚ատեն արտաքին աշխարհի խաղացողները, որոնք աւելիով ըրին ամէն ճիգ ու դեռ ալ կ՚ընեն՝ բաժանելու համար Լիբանանը։ Բաժանել՝ գուցէ իրարու միջեւ եւ բաժանել՝ Մերձաւոր Արեւելքի աւազանի այդ հատուածին կազի, նաւթի, զէնքի, լրտեսութեան եւ միւս բոլոր տեսակի խաղերը, որոնք ի վերջոյ պիտի ծառայեցուին այն մեծ «ձուկեր»ուն, որոնք իբրեւ թէ տէրն ու տիրականն են Լիբանանին։

Միւս կողմէ, անիշխանական իրավիճակի ծաւալումը մեծ հաշուով կրնայ նաեւ վտանգներ պարունակել լիբանանահայութեան համար, որ հակառակ բոլոր մակարդակի փոթորիկներուն, կը շարունակէ ապրիլ ու դիավարել… Հրաշալին այն է, որ հայութիւնը պառակտելու փորձերը կը շարունակեն տապալիլ, շնորհիւ այն ոգիին, որ դեռ ապրող ու ապրեցնող է Պէյրութի մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021