ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ մասնակցեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած կարեւոր գագաթաժողովի մը։ Հոգեւոր պետերու այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ մարոնիտ եկեղեցւոյ պատրիարքարանի երդիքին տակ, Պքերքէ։ Հանդիպման մասնակցեցան հայ առաքելական, մարոնիտ, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը։ Յուլիսի 1-ին Վատիկանի մէջ նախատեսուած է Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը, որու ընդառաջ երէկուան տեսակցութեան ընթացքին անոնք մէկտեղուեցան հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու նպատակով։ Հարկ է նշել, որ Վատիկանի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի մասնակցութեամբ։ Շուրջ երկու ամիս առաջ Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը ուղարկած էր Սրբազան Պապին եւ այդպէսով նախաձեռնած՝ Վատիկանի մօտալուտ հանդիպման։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Պքերքէի երէկուան ժողովին ժամանակ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը ներկայացուց իր պատկերացումը եւ շարք մը կարեւոր կէտերու կարգին ընդգծեց քաղաքական տարբերութիւններէ վեր մնալու եւ Լիբանանի համար կառավարութիւն մը կազմելու հրամայականը։ Ան համոզուած է, թէ միայն այս ձեւով Վատիկանի մէջ նախատեսուած հանդիպումը կրնայ գոհացում տալ Լիբանանի ժողովուրդի առկայ ընկերատնտեսական կարիքներուն, որոնք հետզհետէ կ՚աճին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021