ՄՇՏԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 14 յունիսին հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ՝ Պրիւքսելի մէջ, ուր երկու ղեկավարները պիտի գտնուին ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելու համար։ Այս կարեւոր ժամադրութեան ընդառաջ հաղորդուեցաւ, որ Էրտողան-Պայտըն հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պայտընի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէք Սալըվըն յայտնեց, որ երկու ղեկավարներու զրոյցին օրակարգը պիտի ըլլայ բաւական ծաւալուն եւ այդ ամբողջին մաս պիտի կազմէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս շրջանին ամերիկեան վարչախումբէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրերայաջորդ կ՚անդրադառնան Էրտողան-Պայտըն հանդիպման հաւանական օրակարգին։ Երէկ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս կազմակերպուած լսումներուն ժամանակ եւս խօսեցաւ այս մասին։ Ան Էրտողան-Պայտըն տեսակցութեան օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ մանրամասնութիւններ հաղորդեց։ Պետական քարտուղարը թէեւ ուղղակիօրէն չնշեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, սակայն յանձնաժողովի նախագահին՝ ծերակուտական Պոպ Մենենտեսի հարցումին ի պատասխան՝ խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Ըստ իրեն, ամերիկեան կողմը ապագային պիտի շարունակէ դիտարկել՝ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն ցուցաբերելու թոյլտուութեան որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու հարցը։

Վարչախումբի յառաջատար դէմքերու յայտարարութիւններուն առընթեր, ներկայիս Հարաւային Կովկաս կ՚այցելէ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր Թիֆլիզի մէջ ունեցած շփումներէն վերջ ուղեւորուեցաւ դէպի Պաքու։ Ան պիտի այցելէ նաեւ Երեւան։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ֆիլիփ Ռիքէր յայտնեց, որ ԱՄՆ ռազմավարական գործընկեր կը համարէ Ատրպէյճանը։ Պաքուի բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուած նիւթերը Ուաշինկթընի կողմէ կը համարուին առաջնահերթ։ Ֆիլիփ Ռիքէր մատնանշեց նաեւ ամերիկեան կողմին պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման օգնելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, սահմանագծումը շատ կարեւոր է, բոլորին տեսակէտէ նպաստաւոր եւ այդ գործընթացի սկսելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք ցուցաբերել։ «Բոլորս պէտք է մտահոգուած ըլլանք իրավիճակի վատթարացման հաւանականութիւնով։ Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք հնարաւորինս արագ լուծել այս հարցը, ինչպէս նաեւ վերադառնալ առարկայական բանակցութիւններու՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ», նշեց Ֆիլիփ Ռիքէր։

Բաց աստի, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը միջազգային բեմահարթակի վրայ այս շրջանին արդէն մշտական օրակարգ դարձած է։ Վերջին օրերուն Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին եւս շօշափուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան հարցը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Հարաւային Կովկասէ ներս առաջնահերթութիւն կը նկատուի տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծումը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ։

Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ իրավիճակը վերջին օրերուն քննարկման նիւթ դարձան նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի հեռախօսազրոյցին ժամանակ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս երեք նախարարները կանգ առին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վիճակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ Անոնք ընդգծեցին հրադադարի դրութեան խստագոյնս պահպանման կարեւորութիւնը եւ առկայ տարաձայնութիւնները քաղաքական ու դիւանագիտական ճամբով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը։ Երեք նախարարները վերահաստատեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի դերակատարութիւնը Երեւան-Պաքու բանակցային գործընթացէն ներս։ Սերկէյ Լաւրով դիտել տուաւ, որ միջազգային որեւէ կազմակերպութիւն այս գործընթացին կրնայ մասնակցիլ՝ միայն այն պարագային, եթէ համաձայն գտնուին թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու։

Մոսկուայի աղբիւրներու վերոյիշեալ հաղորդումներուն զուգահեռ Փարիզն ալ մանրամասնութիւններ հրապարակեց սոյն հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Ֆրանսա բաւական խիստ  արձագանգած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն։ Եռակողմանի հեռախօսազրոյցէն վերջ ֆրանսական կողմը տեղեկացուց, որ պատրաստ է համակարգել ջանքերը ռուսական կողմին հետ։ Պերլինէն կատարուած հրապարակումներուն մէջ ալ մատնանշուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը տակաւին չէ կարգաւորուած։

Լաւրով-Լը Տրիան-Մաաս զրոյցին հետ գրեթէ նոյնաժամանակ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոն ալ վերջին օրերուն այցելեց Պաքու, ուր վարած բանակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանի վերջին իրադարձութիւնները։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021