ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Dior» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Աթէնքի «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտին մէջ, կը յայտնէ «Greek City Times» թերթը։ Այսպէս, յունիսի 17-ին ֆրանսական նորաձեւութեան տունը «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտը կը վերածէ «փոտիումի»՝ ներկայացնելով  նոր «Քրուազիէր 2022» հաւաքածոն, որ կը կրէ յունական ազդեցութիւն եւ նուիրուած է Յունաստանի անկախութեան շարժման 200-ամեակին։

Բացի նորաձեւութեան ցուցադրութենէն, տեղի կ՚ունենան նաեւ նկարահանումներ՝ Յունաստանի պատմական եւ տպաւորիչ վայրերու մէջ՝ ներառեալ Աքրոփոլիսը, որու վերաբերեալ հարցումներ ուղարկուած են երկրի իշխանութիւններուն:

Նորաձեւութեան տան ստեղծագործական տնօրէն Մարիա Կրազիա Քիւրի ըսած է, որ Յունաստանը միշտ հոգեհարազատ եղած է իրեն։

«Դիցաբանութենէ մինչեւ «Ոդիսական», ճարտարապետութենէ եւ փիլիսոփայութենէ մինչեւ անգին արհեստներ․ Աթէնք ինծի համար երազանքի վայր է՝ շոու բեմադրելու եւ առաւել քան երբեւէ մշակոյթներու կախարդանքն ու փոխանցումը տօնելու համար», ըսած է Մարիա Կրազիա Քիւրի եւ աւելցուցած՝ որ այդ երազանքը յունիսի 17-ին կրնայ իրականութիւն դարձնել։

Միջոցառման ընթացքին կը ներկայացուին նաեւ տեղական նկարիչներու եւ արհեստաւորներու ստեղծագործական ունակութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021