ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՀԵՌԱՑԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս բոլոր փոխ-նախարարները արդէն հրաժարած են իրենց պաշտօնէն։ Երէկ անոնց հրաժարականները վաւերացուեցան՝ համապատասխան հրամանագրերով։

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ծանր իրավիճակին մէջ երկրէն ներս յառաջացած է քաղաքական լուրջ տագնապ մը, մինչ հայկական դիւանագիտութիւնը կը դիմագրաւէ շատ ծանր մարտահրաւէրներ։ Առաջին իսկ օրէն կը բարձրաձայնուին քննադատութիւններ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առած քմահաճ քայլերն ու անհեռատես յայտարարութիւնները ա՛լ աւելի կը դժուարացնեն դիւանագիտական անձնակազմի գործը։ Նախարարութենէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր ստեղծուած է անհանգիստ մթնոլորտ մը։ Վերջերս նախարար Արա Այվազեան հրաժարած էր իր պաշտօնէն եւ իրմէ անմիջապէս վերջ փոխ-նախարարներէն Գագիկ Ղալաչեան եւ նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան հետեւած էին նոյն ընթացքին։ Այժմ մնացեալ երեք փոխ-նախարարները՝ Արտակ Ապիտոնեան, Աւետ Ադոնց եւ Արմէն Ղեւոնդեան եւս դիմում ներկայացուցած են իրենց աշխատանքէն ազատուելու համար։

Մօտաւոր անցեալին Արա Այվազեան նախարարութենէն ներս իր հրաժարականի որոշման պատճառներուն անդրադառնալով ըսած էր. «Որպէսզի երբեւիցէ որեւէ կասկած չստեղծուի, թէ այս նախարարութիւնը կրնայ առնել քայլ մը կամ կրնայ համաձայնութիւն տալ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետութեան, մեր ազգային շահուն դէմ եղած են»։

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021