ՉԿԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՈՐՈՇՈՒՄ ԱՌԱՆՑ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ
Կիրակի, մայիս 22-ի Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումէն ետք, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը ակնյայտ ձեւով կը խուսափի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին արտայայտուելէ։ Բանակցութիւնները ընթացած են միջազգային օրէնքներու հիման վրայ, հաղորդակցական միջոցներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններու ականազերծման, անհետացածներու եւ ռազմագերիներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորման շուրջ։
Երրորդ անգամն ըլլալով Շարլ Միշել կը յաջողի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները բանակցային սեղանի շուրջ բերել եւ ինքնահաստատուիլ իբրեւ միջազգային դերակատար, որ Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու կոչուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի լիազօրութիւնը առանց ժխտելու, կու գայ ձեւով մը շրջանցելու զայն, յատկապէս Արեւմուտքի՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու միջազգային հարթակներու վրայ խզումէն ետք՝ Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղղուած բանակցութիւնները չկասեցնելու նպատակով։ Յայտնապէս, Ռուսաստանի դէմ պատիժները ամրապնդելու եւ անկէ քարիւղի գնումները կասեցնելու Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութեան լուծումը,- որպէսզի Ատրպէյճանի քարիւղի եւ կազի պաշարները տարածաշրջանէն խաղաղ պայմաններու մէջ արտածուին դէպի Եւրոպա,- եւ միաժամանակ՝ կը նուազեցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ազդեցութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու ԵԱՀԿ-ը շնորհաւորած ու քաջալերած են Եւրոմիութեան խորհուրդին նախաձեռնութեամբ այս հանդիպումներու կազմակերպումը։ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարը անձնապէս շահագրգռուած է բանակցութիւններու յաջողութեամբ եւ յաճախակի հեռաձայնային զրոյցներ կ՚ունենայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ, շրջանի հակամարտութիւններու լուծման ուղղուած բանակցութիւններու յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով։
Ռուսաստան շատ ուշադրութեամբ կը հետեւի Պրիւքսելի բանակցութիւններուն։ Այս բոլորին մէջ Արցախի կարգավիճակին սահմանումը կը մնայ մեծագոյն հարցականը, որուն կը դժուարանան ուղղակի պատասխանել Հայաստանի խորհրդարանային ընդդիմութենէն մինչեւ կառավարութիւն, մինչեւ Եւրոխորհուրդ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակ, այն պարզ պատճառով որ՝ Արցախի կարգավիճակի բանալին կը մնայ Ռուսաստանի ձեռքը, որ տեղւոյն վրայ ունի երկու հազարնոց խաղաղապահ զօրք։ Եւ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, նախագահ Փութին ու արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յստակօրէն յայտարարեցին, որ ներկայ փուլին դեռ կանուխ է Արցախի կարգավիճակը բանակցութեան նիւթ դարձնելու համար։
Հետաքրքրական է Հայաստանի դիրքորոշման մեկնաբանումն ու ընկալումը ներկայ փուլին, մինչ բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին։ Խորհրդարանական ընդդիմութեան գրեթէ ամիսէ մը ի վեր սկսած փողոցային ցոյցերը շատ պարզունակ կերպով դեռ կը շահագործեն Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու՝ կառավարութեան «դաւաճանական» թեզը։ Շատերու համար ընդդիմութեան ցոյցերը Ռուսաստանի դրդումով կազմակերպուած են, որուն նպատակն է խոչընդոտել Արեւմուտքի վերադարձը Հարաւային Կովկաս։
Մայիս 25-ի Ազգային ժողովի հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան անդրադառնալով բանակցութիւններու գործընթացին՝ հաստատեց, թէ որքան ալ Ատրպէյճան պնդէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար իր առաջադրած 5 կէտերուն վրայ, միջազգային դերակատարներուն համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի Հայաստանի առաջադրած 6 կէտերուն եւ Ատրպէյճանի 5-ին համադրութեամբ։ Բուն հարցը այն է, թէ արդեօք Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութիւն մը պիտի լուծէ՞ նաեւ Արցախի խնդիրը։ Այս կէտին շուրջ կողմերուն միջեւ ըմբռնումի լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ։
Արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան պնդեց, որ բանակցութիւններու ժամանակ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան մօտ հաստատուած է այն համոզումը, որ թուրքեւատրպէյճանական «Զանգեզուրի միջանցք»ային տրամաբանութիւն չկայ, այլ՝ կան ինքնիշխան պետութիւններու միջեւ մաքսային ու անցագրերու ստուգման՝ անցակէտի միջազգային օրէնքի կիրարկում։ Եւ խօսելով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն մասին՝ ան հաստատեց, որ Թուրքիա այդ հարցը կը կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու յառաջընթացին։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի