ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ռուսաստան։ Ուֆայի մէջ ան կը մասնակցի ՊՐԻՔՍ-ի, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի աշխատանքներուն։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէրը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին, առկայ խնդիրներուն եւ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղութեամբ հետագայ հնարաւոր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։
Սերժ Սարգսեան հերթական անգամ ընդգծեց, որ Երեւան բարձր կը գնահատէ Եւրոմիութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ խնդրի համապարփակ կարգաւորման համար բարենպաստ մթնոլորտ մը ստեղծելու յանձնառութիւնը։ Սարգսեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի ընթացքին լիակատար աջակցութիւն արտայայտուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկած ջանքերուն, ներառեալ՝ այդ երկիրներու նախագահներուն մակարդակով 2009 թուականէն ի վեր կատարուած յայտարարութիւնները։
Հերպերթ Զալպէր ընդգծեց, որ Ռիկայի գագաթաժողովի արդիւնքին ընդունուած հռչակագրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ձեւակերպումները, իսկապէս, արդար էին եւ միանգամայն համարժէք իրավիճակին։ Ան վերահաստատեց Եւրոմիութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափի շրջանակէն ներս ընթացող բանակցութիւնները ու շեշտեց, թէ այդ ձեւաչափի պահպանման հարցին մէջ ԵՄ-ի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։