ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի անդամները, որոնք ներկայիս կ՚այցելեն Երեւան։ Ողջունելով հիւրերը՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց այս պարախումբի ազգանուէր գործունէութիւնը։ «Շնորհակալ եմ պարախումբի բոլոր անդամներուն հայկական պարարուեստը, ազգային մշակոյթը պահպանելու, զարգացնելու եւ աշխարհին ներկայացնելու համար։ Հայապահպանութիւնը մեր ազգի գլխաւոր խնդիրն է։ Այսօր աշխարհի վրայ 7 միլիոն մարդ խնդիր ունի հայ մնալու։ Մենք պէտք է պայքարինք մեր արմատի, ինքնութեան, տեսակի, մշակոյթի պահպանման համար։ Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի աւելի քան 30 հազար հայկական կազմակերպութիւն, որու գլխաւոր խնդիրն է հայապահպանութիւնը։ «Շուշի» պարախումբը հիանալի կը լուծէ հայ երիտասարդը հայ պահելու կարեւորագոյն խնդիրը։ Հայ մնալու ամենակարեւոր բանալիներէն մէկը ազգային պարն է։ Յատկապէս Սփիւռքի մէջ պարը հայապահպանութեան հզօր զէնքերէն մին է։ Պարը կը կարողանայ ոչ միայն լաւագոյնս պահպանել ազգային որակները, այլ նաեւ օտար մշակութային միջավայրերու մէջ ճանաչելի ու սիրելի դարձնել հայկական արուեստն ու անոր պատմութիւնը», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան ընդունելութեան ընթացքին։
Աւելի վերջ, բարձր գնահատելով պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սեդա Քանթարճեանը՝ արուեստի ու մշակոյթի բնագաւառէն ներս իր ազգանուէր գործունէութիւնը, անմնացորդ նուիրումը հայկական պարարուեստի պահպանման ու տարածման գործին մէջ՝ Հրանոյշ Յակոբեան զինքը պարգեւատրեց նախարարութեան «Կոմիտաս» մետայլով։ Բաց աստի շնորհակալագրեր յանձնուեցան պարախումբի աշխոյժ տարրերէն Թալին Կուպէլեանին եւ Սօսի Սեդրակեանին։ «Շուշի» պարախումբը հիմնուած է 1992 թուականին եւ 2013 թուականին ընտրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած Միջազգային պարային խորհուրդի անդամ։ Անցեալ շաբաթավերջին «Շուշի»ն հանդէս եկաւ Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ, 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Պարախումբի վաթսունհինգ երկսեռ անդամները այս առթիւ իրենց արուեստը ներկայացուցին հայրենի գեղարուեստասէրներուն։