ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ԱՄՐՈՑՆԵՐ
Յառաջիկայ երկու ամիսներուն Հայաստանի մէջ պիտի բացուին երեք խոշոր առողջապահական կեդրոններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան վերջերս բացատրութիւններ տուաւ այս կապակցութեամբ։ Այսպէս, Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն նախատեսուած է այդ երեք առողջապահական կեդրոններուն բացումը։
Վերոյիշեալներուն առաջինն է՝ արիւնաբանութեան կեդրոնը, որ փոխպատուաստման յատուկ բաժին մըն ալ պիտի ունենայ։ Միւսներն են՝ ռատիօիզոթոփներու արտադրութեան կեդրոնը եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման կեդրոնական մասնաշէնքը։ Վերջերս Հայաստանի կառավարութիւնը 224 միլիոն հայկական դրամ յատկացուցած է՝ ռատիօիզոթոփներու արտադրութեան կեդրոնը անհրաժեշտ գոյքով համալրելու եւ բարեկարգելու համար։
«Կեդրոնը պիտի իրականացնէ ռատիօիզոթոփներու արտադրութիւն, որ պէտք է համապատասխանէ GMP չափանիշներուն», ըսաւ նախարարը, որու համոզմամբ՝ տեսական եւ կիրառական մշակումներու միաւորումը այս ոլորտի բժշկութեան պիտի ապահովէ որակի բոլորովին նոր մակարդակ մը։ Սոյն կեդրոնը օժտուած պիտի ըլլայ ժամանակակից հոսքային արագացուցիչներով, ախտորոշիչ հզօր տարրալուծարանով եւ այլ անհրաժեշտ սարքաւորումներով։ Առ այժմ այս կեդրոնը պիտի կարենայ ծառայութիւն մատուցել տարեկան շուրջ հազար հիւանդի համար։