ԹԷ՛ ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ԹԷ ՔԵՐԻ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը աշ­խու­ժա­ցած է ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի ջան­քե­րով։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ներ­կա­յին կը ծան­րա­նայ այս հար­ցին վրայ՝ դէ­պի Ե­րե­ւան եւ Պա­քու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով։ Հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րին ալ միա­ցաւ այս ջան­քե­րուն։ Ան ե­րէկ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ՝ Վար­շա­ւիոյ մէջ, ՆԱ­ԹՕ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ եր­կու նա­խա­գահ­ներն ալ կը գտնուէին Վար­շա­ւիոյ մէջ՝ ա­մե­րի­կեան կող­մը օգ­տա­գոր­ծեց այս ա­ռի­թը ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ քննար­կում­ներ ծա­ւա­լե­լու հա­մար։ Այս­պէ­սով, Լաւ­րո­վի ներ­կայ ջան­քե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, Քե­րին ալ հան­դէս ե­կաւ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վար­ներն ալ՝ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ Վլա­տի­միր Փու­թին քա­նի մը օր ա­ռաջ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­նա­լով անդ­րա­դար­ձած էին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։

Պե­տա­կան քար­տու­ղար Ճոն Քե­րիի ե­րէկ Սարգ­սեա­նի եւ Ա­լիե­ւի հետ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն շուրջ Ո­ւա­շինկ­թը­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը հան­դէս ե­կան ամ­փոփ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Այս­պէս, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն հետ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը շօ­շա­փե­լով՝ Քե­րի վե­րա­հաս­տա­տեց ա­մե­րի­կեան կող­մին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Ըստ ի­րեն, անհ­րա­ժեշտ է, որ կող­մե­րը կա­տա­րեն Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ի­րենց ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­ներն ալ ե­րէկ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­ցին Սարգ­սեան-Քե­րի զրոյ­ցին շուրջ։ Վար­շա­ւիոյ «Intercontinental» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Սարգ­սեա­նի կող­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան։ Ճոն Քե­րիի հետ էին ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Վիք­թո­րիա Նու­լանտ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­ք։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց ԱՄՆ-ի շա­րու­նա­կա­կան ջան­քե­րը՝ տա­րած­քաշր­ջա­նի խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հա­մար, որ­պէս Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր։ Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ստեղ­ծուած լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս գա­լու ուղ­ղեալ Ճոն Քե­րիի գոր­ծօն քայ­լե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ ալ ան յայտ­նեց իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը։ Ըստ Սարգ­սեա­նի, նաեւ այդ քայ­լե­րուն ար­դիւն­քը ե­ղան Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­ներն ու կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

Սարգ­սեան եւ Քե­րի անդ­րա­դար­ձան Օ­պա­մա-Փու­թին հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ա­ռըն­չու­թեամբ քննար­կուած հար­ցե­րուն։ Ա­նոնք կանգ ա­ռին նաեւ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք­բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն ան­վե­րա­պահ կեն­սա­գործ­ման վրայ։

Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Իլ­համ Ա­լիեւ ե­րէկ Վար­շա­ւիոյ մէջ հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։

Միւս կող­մէ, ՆԱ­ԹՕ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ենս Սթոլ­թեն­պերկ յայտ­նեց, որ դա­շին­քի Վար­շա­ւիոյ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի նաեւ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի­ն։

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016