Հալէպ ծանրօրէն հրթիռաԿՈԾուած. Կան 20 զոհեր եւ 150 վիրաւորներ
«Արեւելք» կայքէջէն կը կարդանք.-
Հալէպի տարբեր շրջաններ երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ դարձած են թիրախ ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռարձակումներուն: Ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած է մասնաւորապէս Հալէպի «Մոքամպօ» եւ «Ալ Ֆըրքան» թաղամասերը, ուր զոհերուն թիւը հասած է 20-ի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 150-ի: Հալէպ քաղաքի գլխաւոր հիւանդանոցները հանրութեան կոչ ուղղած են խնդրելով բոլոր տեսակի արեան պաշարներ: Մինչ այդ, Հալէպի հայկական «Նոր Գիւղ» եւ «Ազիզիէ» թաղամասերը եւս աւելի վաղ հրթիռարձակումներու ենթարկուած են ու ցարդ տեղեկութիւններ չկան այդ շրջաններուն մէջ եղած մարդկային կորուստներու մասին: