ՄՈՒԼԹԻՄԵՏԻԱՅԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կող­մէ հաս­տա­տուած եւ հո­վա­նա­ւո­րուած Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը (AVC) սկսած է աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել մուլ­թի­մե­տիա­յի բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ AVC-ի եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ վեր­ջերս պատ­րաս­տուե­ցաւ է­լէքթ­րո­նիկ գիրք մը, որ լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Հա­յաս­տա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան հա­տուա­ծին տե­սա­կէ­տէ։ «Ե­րե­ւա­նի գիւ­տը. հա­յեացք՝ քա­ղա­քի ան­ցեա­լին ու ներ­կա­յին» խո­րագ­րեալ այս է­լէքթ­րո­նիկ գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ։ Սա AVC-ի կող­մէ պատ­րաս­տուած ար­դէն երկ­րորդ է­լէքթ­րո­նիկ գիր­քը կը հան­դի­սա­նայ։ Բազ­մա­լե­զու ծրա­գիր մըն է այս մէ­կը եւ այդ լե­զու­նե­րու շար­քին կը գտնուի նաեւ թրքե­րէ­նը։

Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին փո­խան­ցուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան մայ­րա­քա­ղա­քի պան­դոկ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ առ հա­սա­րակ Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տի կա­ռոյց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան AVC-ի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ, ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Ե­րուանդ Զօ­րեան եւ Ե­րե­ւա­նի Փոխ-քա­ղա­քա­պետ Մա­րիա Բա­րա­ղա­մեան։

Բջի­ջա­յին կամ շար­ժուն ա­մէն տե­սակ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջո­ցի յար­մա­րե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւն ու­նի այս է­լէքթ­րո­նիկ գիր­քը, ո­րուն մէջ պատ­մա­կան, հա­սա­րա­կա­կան ու ժո­ղովր­դագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տրա­մադ­րուած են բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք կ՚ու­զեն շրջիլ Ե­րե­ւա­նը կամ տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մել քա­ղա­քին մա­սին։

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016