Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած Երեւանի Ամենահին Փողոցը
Էրեբունիի մէջ հայ-ֆրանսական արշաւախումբի ութ տարուան պեղումները տուած են հետաքրքրական արդիւնքներ: Ծրագիրը մօտեցած է իր աւարտին, սակայն յոյս կայ, որ անիկա շարունակուի, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Կիւրճեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ հայ-ֆրանսական արշաւախումբը իր աշխատանքներուն սկսած է Էրեբունիի մէջ 2008-ին, ծրագիրը գանձատրուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
«Այս պեղումները երեք կարեւոր խնդիր լուծած են՝ հնագէտները հանդէս կու գան իրենց հետազօտական, գիտական բացայայտումներով, կը համագործակցինք ֆրանսական հնագիտական կարեւոր կառոյցի հետ: Մեզի համար այս պահուն կարեւորը երրորդ խնդիրն է. կը նախապատրաստուինք Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին: Մինչեւ 2018 թուականը պէտք է որոշակի վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնենք, այս պեղումները տուած են նման հնարաւորութիւն», ըսած է Գագիկ Կիւրճեան:
Ան կարեւոր համարած է այն փաստը, որ պեղումներուն մասնակցած են նաեւ իրանցի հնագէտներ:
Հայ-ֆրանսական արշաւախումբի հայկական կողմի ղեկավար Միքայէլ Պատալեանի խօսքով, այս պեղումները կու տան շարք մը հարցերու պատասխաններ, բայց միաժամանակ նաեւ նոր հարցեր յառաջ կը բերեն: Ան ըսած է, որ 1950 թուականին կը գտնուի սեպագիր արձանագրութիւնը, որ կը համարուի Երեւանի ծննդեան վկայականը, 1968 թուականին, ըստ այդ արձանագրութեան, կը լրանար Էրեբունի-Երեւանի 2750-ամեակը:
«Այս առումով պեղումները լայն թափ ստացան: Որոշ հատուածներու մէջ արագ կ՚ընթանային, որու հետեւանքով շարք մը շերտեր չէին արձանագրը-ւած», ըսած է հնագէտը՝ աւելցնելով, որ այս պեղումներու ընթացքին իրենք շեշտը դրած են ժամանակա-շըրջանի մը վրայ, որ կը կոչուի յետուրարտական:
«Անընդհատ կը խօսինք ուրարտական ժամանակաշրջանի, կառոյցներու, պատմութեան մասին, այնուհետեւ արդէն Աքեմենեան ժամանակաշրջանի մասին: Ուրարտական պետութիւնը վերացած է Ն. Ք. 640-ականներուն, Աքքեմենեան պետութիւնը հիմնադրուած է Ն. Ք. 6-րդ դարու կէսերուն: Այդ միջանկեալ հատուածի մասին մենք ոչինչ գիտենք: Հայ-ֆրանսական արշաւախումբի պեղումները բաւականին տեղեկատուութիւն կը հաղորդեն այդ ժամանակաշրջանի մասին: Այդ շրջանը նաեւ կարեւոր է այն առումով, որ կը սկսի ձեւաւորուիլ Երուանդունիներու թագաւորութիւնը», նշած է ան:
Միքայէլ Պատալեան ըսած է, որ խորհրդային շրջանէն կը խօսուի սիւնազարդ դահլճի մասին, որ կը համարուի Խալդ Աստուծոյ տաճարի բաղկացուցիչ մասը:
«Այս պեղումները կու գան ապացուցելու, որ կառոյցը յետուրարտական շրջանին կառուցուած է: Նման է Մարական ժամանակաշրջանի յուշարձաններու: Նման է Իրանի մէջ գտնուող Կոտին թեփէ սիւնազարդ դահլիճին, գրեթէ ճիշդ նոյն ժամանակաշըր-ջանով կը թուագրուի», ըսած է ան:
Հնագէտը տեղեկացուցած է, որ պեղումները հիմնականօրէն իրականացուած են Խալդ Աստուծոյ տաճարին եւ յարակից տարածքներուն մէջ: Յայտնաբերուած է գեղեցիկ խճապատ փողոց: Կը գտնուի Խալդ Աստուծոյ տաճարի արեւելքը: Մօտ 10 մեթրէն ետք կը թեքուի դէպի աջ: Ամբողջը պիտի ըլլայ 30 մեթր:
«Եթէ մենք կը համարենք, որ Էրեբունին մեր մայրաքաղաք Երեւանի օրրանն է, կարելի է ըսել, որ մենք յայտնաբերած ենք Երեւանի ամենահին փողոցը կամ փողոցներէն մէկը», նշած է հնագէտը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ ուրարտական որեւէ այլ կառոյցի մէջ նման փողոց չէ արձանագրուած:
«Ան իր որակով կրնայ նոր հաղորդումներ տալ Էրեբունիի պատմութեան կարեւոր փուլի մը համար: Փողոցի հետ մէկտեղ ճշդուած է երկրաշարժի հետքեր: Հրաւիրուած ենք հայ եւ ֆրանսացի մասնագէտներ, որոնք հաստատած են երկրաշարժի հետքերը: Ըստ մեր դիտարկումներուն, ան եղած է Ն. Ք. 7-րդ դարու կէսերուն: Կարեւոր հանգամանք մը, որ մեզ թոյլ կու տայ ըսելու, թէեւ վարկած կայ, թէ ինչու կառուցուած է Թէյշեպաինի բերդ-ամրոցը: Ինչո՞ւ Ռուսայ Երկրորդը, ունենալով Էրեբունի, Արգիշտիխինիլի ամրոցները Արարատեան դաշտին մէջ, կառուցած է նաեւ Թէյշեպաինին: Էրեբունիէն շարք մը իրեր Էրեբունիի մակագրութեամբ տեղափոխուած էին Թէյշեպաինի: Ինչո՞ւ տեղափոխուած էին: Թերեւս երկրաշարժի պատճառով», մանրամասնեց Միքայէլ Պատալեան:
Պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է քարէ հիմքեր, ըստ անոր, չի բացառուիր, որ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կառոյց ըլլայ։
«Սկզբնական փուլին Էրեբունին այնպէս չէ եղած, ինչպէս կը տեսնենք: Գուցէ Խալդի, Սուսի տաճարները եւ այդ կառոյցը տեղակայուած եղած են մէկ համալիր կառոյցի մէջ: Հին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ունինք հաստատուած շարք մը ծէսեր, երբ ծէս մը կը սկսէր տաճարի մը մէջ, կ՚աւարտէր այլ տաճարի մը մէջ: Գուցէ ծիսապաշտամունքային համալիր էր: Նման պատկերները դրուագուած են նաեւ ուրարտական գօտիներու վրայ», ըսած է ան:
Փարիզի հնագիտական ծառայութեան ղեկավար Սթեֆան Տեշամպ նշած է, որ պեղումները ոչ միայն կարեւոր նշանակութիւն ունին հնագիտական առումով, այլ նաեւ Էրեբունիի վերականգնման, վերստեղծման աշխատանքներուն համար:
«Այս պեղումները նման աշխատանքներու համար բաւականին լաւ հիմք կու տան», նշած է ֆրանսացի մասնագէտը: