«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆ». ՀԱՒԱՏ ԱՊԱԳԱՅԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական կաճառի կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական երրորդ ֆորումին։ «Ժողովրդավարութիւն, անվտանգութիւն եւ արտաքին քաղաքականութիւն» խորագրեալ այս ֆորումի ընթացքին Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, երկրի զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական շրջանաւարտներու հետ բաժնեց իր փորձառութիւնները։

Արմէն Սարգսեան ֆորումի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կատարուած վերջին փոփոխութիւնները կը բնութագրուին զանազան անուններով, սակայն իր համոզմամբ լաւագոյններէն կը համարուի «Երիտասարդ Հայաստան» տարբերակով։ «Ոչ միայն անոր համար, որ ըստ էութեան երիտասարդները կը մասնակցէին, երիտասարդական ոգի կար, այլ որովհետեւ երիտասարդութիւնը նաեւ հաւատ է ապագայի նկատմամբ։ Երիտասարդ է այն մարդը, որ իր կեանքի նախաշեմին հետ եւ կեանքի բոլոր ճանապարհները իր առջեւ բացուած են։ Ներկայիս մեր երկրի համար եւս բոլոր հնարաւորութիւնները բաց են եւ պէտք է ընտրել բարձրանալու ճանապարհը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ ընդգծեց, որ իր ներկայ առաջնահերթութիւններու շարքին է խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն ներքեւ նախագահական մշակոյթի կերտումը։ Արմէն Սարգսեանի համոզմամբ, Սահմանադրութիւնն ալ կը ներկայացնէ կարեւորութիւն եւ իր տեսակէտէ գոհունակութեան առիթ դարձած է՝ վերջին շըր-ջանի բոլոր իրադարձութիւններու Սահմանադրութեան ծիրին մէջ լուծուած ըլլալը։ 

ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած Համահայկական երիտասարդական հաւաքին՝ «Դէպի Հայաստան, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով։ Ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ շրջապատուած էր բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։

«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները պէտք է ձեր հպարտութեան կաթիլ մը եւս աւելցնեն, որովհետեւ աշխարհի վրայ կան եզակի ազգեր ու պետութիւններ, որոնք կարողացած են յեղափոխութիւն իրականացնել առանց կաթիլ մը արեան», ըսաւ նախագահը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախագահ Սարգսեան երիտասարդներուն յորդորեց կրօնական ընտրութիւն կատարելու ժամանակ առաջնորդուիլ խղճի ազատութեամբ, բայց, նաեւ յիշեցուց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին պարզ եկեղեցի մը չէ։ Ան շարունակեց.

«Բոլորս ազատ ենք, իւրաքանչիւրդ ընտրութեան հնարաւորութիւն ունիք՝ ըլլալ հաւատացեալ կամ անհաւատ, բայց այդպէսով չէք դադրիր հայ ըլլալէ։ Հիմնական խնդիրն ու գեղեցկութիւնը անոր մէջ է, որ դուք հիմնուելով ձեր խղճի վրայ, ազատ ընտրութիւն կը կատարէք։ 700 տարի մենք մեծցած ու հպարտ հայեր դարձած ենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շնորհիւ։ Եկեղեցին դարեր շարունակ պահած ու պահպանած է մեր պետականութիւնը»։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հաւաքի ընթացքին պատասխանեց երիտասարդներու զանազան հարցումներուն։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Հայրենասիրութիւնը միայն խօսքեր ու կենացներ չէ, նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ հայրենիքը պաշտպանելը չէ, հայրենասիրութիւնը այս խաղաղութեան պայմաններուն մէջ երկրի նուիրուիլն է»։ Արմէն Սարգսեան սփիւռքահայ երիտասարդներուն յորդորեց երթալ Հայաստան, ազգային ժառանգութիւնը պահպանելով հզօրացնել երկիրը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018