ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Մատրիտի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շահեկան գիտաժողով մը, որ խորագրուած էր՝ «Միջերկրականեան Եւրոպայէ ներս քաղաքակրթութիւն, կրօն եւ սեռ (1840-1930 թուականներուն)»։ Այս գիտաժողովը կազմակերպուած էր Մատրիտի ինքնավար համալսարանի, Սթրազպուրկի համալսարանի եւ անոր առընթեր գործող ARCHE հետազօտական խմբակի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Մատրիտի ինքնավար համալսարանի առընթեր գործող «Լա Քորրալա» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցան աշխատանքները։ Իսկ ARCHE-ը կը գործէ Սթրազպուրկի համալսարանի հովանոցին տակ, պատմաբաններէ բաղկացեալ հետազօտական խմբակ մըն է եւ պատմութեան ոլորտին վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ։ Երկօրեայ այս գիտաժողովի գլխաւոր կազմակերպիչներն էին երկու յայտնի պատմաբաններ՝ Տարինա Մարթիքանովա եւ Ալեքսանտր Տիւփոն։ Այս գիտաժողովի աշխատանքով լուսարձակի տակ առնուեցաւ՝ իգականութեան եւ արականութեան հասկացութիւններու վերասահմանումները ու միւս կողմէ 19-20-րդ դարերուն կրօններու քաղաքականացման միջեւ յարաբերութիւնը։ Գիտնականները հարցաքննեցին կրօնի դերակատարութիւնը՝ հաւաքականութիւններու «սեռ»ի, իշխանութիւնները օրինականացնելու եւ ազգային ինքնութիւնները բացատրելու ճանապարհին։

Գիտաժողովի նիստերէն մին խորագրուած էր՝ «Կրօնի մեկնակէտով մտածել սեռի մասին»։ Նիստավարն էր Սթրազպուրկի համալսարանէն Նիքոլա Պուրկինա։ Ատենախօսներն էին՝ Մարի Վալեն (Թուլուզի «Ժան Ժորես» համալսարան), Տարինա Մարթիքանովա (Մատրիտի ինքնավար համալսարան) եւ Այլին Գօչունեան (Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարան)։

Իր զեկուցման մէջ Այլին Գօչունեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեան յօդուածներուն լոյսին տակ խոր-հըրդածութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վիճակած քաղաքակրթական առաքելութեան շուրջ։ Ան բացատրեց, որ 19-րդ դարուն լրագրութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ ապրած էր մեծ վերելք։ Լրագրողները, բացի իրենց սովորական հասարակական դերակատարութենէն, աշխարհագրական զանազան տարածքներէ ներս ցրուած նոյն ազգային-կրօնական համայնքներու հաղորդակցութիւնը ապահովելու հետամուտ հասարակական դաշտ մը ստեղծելու գործն ալ կը տեսնէին։ Թերթերու վրայով կը հաստատուէր հաղորդակցութիւն մը եւ այդ մէկը աշխարհագրական հեռաւորութիւններով հանդերձ, նոյն կրօնի եւ ազգութեան պատկանող համայնքները իրարու մօտեցուցած էր՝ գետին պատրաստելով կառուցելու այնպիսի պատկանելիութեան զգացում մը, որ կայսրութիւններու սահմանները կ՚անդրանցնէր։

Այլին Գօչունեան բացատրեց, որ այս նոյն իրողութիւնը նկատելի էր հայկական բազմակեդրոն աշխարհէն ներս, որու անդամները զանազան աշխարհագրական տարածքներու մէջ կ՚ապրէին։ Օսմանեան շրջանի հայ մտաւորականները կը հետապնդէին հայկական այդ բազմակեդրոն աշխարհէն ներս յառաջատար դառնալու եւ հայկական ինքնութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ խօսք ըսելու նպատակը։ Նման ջանք մը զգալի է նաեւ Միսաք Գօչունեանի գրութիւններուն մէջ։ Սա մասնաւորապէս կը բիւրեղանայ կաթողիկոսական ընտրութիւններու պարագային, քանի որ օսմանահայերն ալ ներգրաւուած կ՚ըլլային ընտրական գործընթացներուն։ Միսաք Գօչունեան պատգըկան յօդուածներուն մէջ միշտ շեշտած է, որ օսմանահայերը այդ ընտրական գործընթացներուն պէտք է աշխոյժ մասնակցութիւն բերեն։ Այս շեշտադրումը, միեւնոյն ժամանակ, կը կատարուի հաշուի առնելով, որ կաթողիկոսը կրնայ ձեւաւորել հայկական ընդհանուր ինքնութիւն մը։ Հետեւաբար, Միսաք Գօչունեան կը կարեւորէ թէ՛ կաթողիկոս դառնալիք անձը եւ թէ անուղղակիօրէն ինքնութեան կառուցման առումով օսմանահայոց դերակատարութիւնը։ Իր յօդուածները մէկ կողմէ կ՚ուրուագծեն՝ իր կրօնական հովանիռանցքի շուրջ պիտի միաւորուի։

Գիտաժողովի ընթացքին Այլին Գօչունեան բացատրեց, որ Միսաք Գօչունեանի դիտանկիւնէն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր ազգային բնոյթով քաղաքակրթական առաքելութիւն մըն ալ ստանձնած էր հայաշխարհէն ներս։ Եկեղեցին միայն աղօթավայր մը ըլլալէ անդին կ՚իրականացնէ ընկերային առաքելութիւն մը եւ հայոց տեսանկիւնէն կարեւոր դերակատար մը կը հանդիսանայ՝ արդիականութեան կառուցման ճանապարհին։ Այլին Գօչունեան մատնանշեց, որ կրօնական ազդակներու առընթեր Միսաք Գօչունեան կարեւորած է տնտեսաքաղաքական գործօնը՝ արդի աշխարհին մէջ հայոց գոյութեան ջանքերուն առումով։ Ան այսպէսով ինքնութեան կառուցումը աւելի աշխարհավար ու գոյութենապաշտ գործօններէ կախեալ կը համարէ։ Արդարեւ, Միսաք Գօչունեանի դիտարկումներով, յարափոփոխ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունենալու համար հայերը միայն մտաւորական գետնի վրայ գոյութիւն ունենալէ անդին պէտք է իրենց տեղը ապահովէին համաշխարհային առեւտուրին մէջ, իսկ համայնքային վարչամեքենան բանեցնելու համար պէտք է արտադրէին քաղաքականութիւններ, որոնց հիման վրայ ելմտական աղբիւրներ ստեղծել հնարաւոր պիտի դառնար։

Մատրիտի զեկուցման ընթացքին Այլին Գօչունեան բացատրեց, որ Միսաք Գօչունեան յօդուածներուն մէջ թէեւ ուղղակիօրէն չէ կեդրոնացած հասարակութեան «սեռ»ի վրայ, սակայն համայնքի ընդհանուր ընթացքին վերաբերեալ քննադատութիւններուն մէջ վեր կ՚առնէ աշխարհական կամ կրօնական իտէալ արական ղեկավարի մը կերպարը։ Միսաք Գօչունեանի ընկալումներով՝ իտէալ կրօնական առաջնորդի մը կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մին պէտք է ըլլար կրօնական առումով միացնող արդի քաղաքականութիւն մը արտադրել։ Այսինքն, կրօնական առաջնորդը պէտք է կրօնական աւանդութիւններու եւ նախընթացներու փարած ըլլար, սակայն նոյնքան նաեւ պէտք է ունենար շահապաշտ հայեացք մը։ Կրօնական առաջնորդը պէտք է հաշուի առնէր համայնքի ակնկալութիւնները, սակայն առանց ամբոխավարութեան դիմելու պէտք է ապահովէր առողջ վարչամեքենայի մը ընթացքը։ Բաց աստի, Միսաք Գօչունեանի ընկալումներով, կրօնական առաջնորդը պէտք է անհատական խղճի ըմբռնում մը ունենար եւ պետութեան հետ բանակցութիւններ վարելու ընդունակութեան տէր պէտք է ըլլար։ Այս բոլորի հիման վրայ, Միսաք Գօչունեան կը նախատեսէր արական ամուր առաջնորդի մը կերպարը՝ ղեկավարի պարագային։

Մատրիտի գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 27-28 յունիսին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018