ՕՐ ՊԱՇՏՕՆԸՆԿԱԼՄԱՆ

Շաբաթավերջին, 24 յուլիսի ընտրութիւններով ձեւաւորուած Ազգային մեծ ժողովը ձեռնարկեց աշխատանքի։ 27-րդ գումարման խորհրդարանի 600 երեսփոխանները երկար արարողութեան մը ընթացքին կատարեցին իրենց երդումը։ Երեսփոխաններու երդման արարողութեան մէկ մասին ներկայ եղաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի ի յիշատակ պահուած յարգանքի լռութենէն վերջ Էրտողան հեռացաւ խորհրդարանէն։ Նորընտիր կամ վերընտրեալ 600 պատգամաւորները երդուեցին մի առ մի։ Նիստը վարեց Տուրմուշ Եըլմազ՝ որպէս երիցագոյն պատգամաւոր։ Թէեւ խորհրդարանի երիցագոյն երեսփոխանը ՃՀՓ-ական Տենիզ Պայքալն է, սակայն առողջական պատճառներով ան կարելիութիւն չունեցաւ ղեկավարել անդրանիկ նիստը, ուստի այդ դերը վիճակեցաւ երիցագոյններու շարքին՝ երկրորդի Տուրմուշ Եըլմազի («ԻՅԻ» կուսակցութիւն)։ Յառաջիկայ օրերուն նորընտիր խորհրդարանի նորընտիր դիւանը պիտի կազմուի։ Ազգային մեծ ժողովէ ներս մեծամասնութեան տէր ԱՔ կուսակցութիւնը խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրած է նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի թեկնածութիւնը։

Երեսփոխաններու երդման արարողութենէն առաջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի ներկայ շրջանի առաջին ժողովին ընթացքին։

Շաբաթավերջի այս իրադարձութիւնները Թուրքիոյ կառավարման նոր համակարգի անցումային գործընթացի առաջին քայլը բնորոշեցին։ Երկիրը ներկայ շաբաթն ալ կը դիմաւորէ այս առումով յատկանշական օրակարգով։ Այսօր, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի երդման ու պաշտօնակալման արարողութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը իր երդումը կը կատարէ խորհրդարանին մէջ՝ ընտրեալ երեսփոխաններուն առջեւ։ Աւելի վերջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ Էրտողանի պաշտօնակալման արարողութիւնը։ Երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է այս հանդիսութիւնը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ղեկավարներ։ Նախագահի պաշտօնակալման արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ երկրի գրեթէ բոլոր շրջանակներէն, հասարակութեան բոլոր խաւերէն ներկայացուցիչներ։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, Պեշթեփէի մէջ Էրտողան ընթրիքով մըն ալ կը պատուէ իր պաշտօնակալման արարողութեան մասնակից օտարերկրեայ ղեկավարները։

Հանրապետութեան նախագահի երդման զուգահեռ Թուրքիոյ մէջ կառավարման նոր համակարգի հաստատման առումով շատ կարեւոր քայլեր պիտի առնուին։ Այսպէս, նախագահի երդման պիտի զուգորդուի նախագահական առաջին որոշմնագրի հրապարակումը։ Այս համար 1 որոշմնագիրը միեւնոյն ժամանակ պիտի ունենայ հիմնադիր բնոյթ։ Այդ որոշման հիման վրայ յստակ պիտի դառնան կառավարութեան նոր կառուցուածքը, ինչպէս նաեւ նախագահական աշխատակազմի կառոյցը։ Այս օրուան ընթացքին հրապարակուելիք կառավարութիւնը անդրանիկ ժողովը պիտի գումարէ յառաջիկայ Ուրբաթ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նախարարութիւններու թիւը պիտի իջնէ 16-ի։ Էրտողանի այսօրուան որոշմնագրով պիտի ճշդուին նաեւ փոխ-նախագահները, պիտի ստեղծուին նոր նախարարութիւններ, պիտի հիմնուին նոր խորհուրդներ, գրասենեակներ կամ վարչութիւններ։ Այժմու կանխատեսումներով, պիտի նշանակուին երեք փոխ-նախագահներ։ Նոյն որոշումով յայտնի պիտի դառնայ, թէ փոխ-նախագահներէն ո՛ր մէկը բացակայութեան ժամանակ պիտի փոխարինէ հանրապետութեան նախագահը։ Նոյնպէս տեղական մամուլի հաղորդումներով, նոր նախարարաց խորհուրդին մաս կրնան կազմել թէ՛ խորհրդարանի շարքերէն եւ թէ խորհրդարանէն դուրս դէմքեր։ Հանրապետութեան նախագահի բան-բերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ պաշտօնակալման օրուան կարգադրութիւններով արդէն նոր կառավարման համակարգի ճարտարապետութիւնը կեանքի կոչուած կ՚ըլլայ։

Ներքին քաղաքականութեան նոր շրջանը, բնականաբար, կը սկսի նոր հարցականներով թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան տեսակէտէ։ 24 յունիսի ընտրութիւններէն ի վեր Էրտողան յաճախ կը շեշտէ համեստութեան կարեւորութիւնը։ Նոր կառավարման համակարգը եւ խորհրդարանէ ներս ստեղծուած ներկայ համայնապատկերը միջկուսակցական համագործակցութեան տեսակէտէ յարաբերաբար աւելի նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն։ Նոր համակարգի առաջին քայլափոխը բոլոր քաղաքական ուժերուն տեսակէտէ պիտի ներկայացնէ կարեւորութիւն։ Արդարեւ, յառաջիկայ տարուան մարտին նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները։ Այսինքն, քանի մը ամիս վերջ նոր կառավարման համակարգի առաջին փուլի արդիւնքներուն տեսակէտէ ժողովուրդի տրամադրութիւնը չափելու լաւ հնարաւորութիւն մը պիտի ստեղծուի։ Այդ առումով, յառաջիկայ ամիսները առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան։ Մինչ այդ, օգոստոսի 18-ին նախատեսուած է ԱՔ կուսակցութեան համագումարը, որով պիտի ձեւաւորուի նաեւ նոր վերնախաւ մը։ Այս իրադարձութիւնն ալ կը մեկնաբանուի նոյն ծիրին մէջ՝ յառաջիկայ տարուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան տեսանկիւնէն։ Այս ամբողջին մէջ յատկանշական է, որ թէեւ Էրտողան առաջին իսկ փուլին քուէներու կէսէն աւելին ապահովելով ընտրուած է հանրապետութեան նախագահ, սակայն ԱՔ կուսակցութեան ապահոված ձայները իրեն չեն հաւասարած եւ Էրտողանի գլխաւորած քաղաքական ուժը ներկայիս դաշինքով մը մեծամասնութիւն կը պահէ խորհրդարանէն ներս։ Այս իրողութեան բարեփոխման տեսակէտէ ԱՔ կուսակցութեան ճակատագրին համար չափազանց կարեւոր է՝ նոր կառավարման համակարգի առաջին փուլին արդիւնքը։

ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահի այսօրուան պաշտօնակալման արարողութեան հրաւիրուած են նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018