ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր անպաշտօն հաւաք մը կ՚իրականացնեն Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ։ «Անցեալի գործողութիւններէն ապագայ կանխարգիլման. ԵԱՀԿ-ի դերը Եւրոպայէ ներս եւ անդին կայունութիւնը խթանելու գործին մէջ» խորագրեալ հանդիպման մը կը մասնակցին նախարարները։
Պրաթիսլաւայի հաւաքին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերջերս յայտնած էր, որ Պրաթիսլաւայի անպաշտօն ներկայ ժողովին ընթացքին կրնայ քննարկուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ Ինչպէս ծանօթ է, Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով վերջերս ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնց վերջինը Ուաշինկթընի մէջ էր։ Մարիա Զախարովա պատասխանեց այն հարցման, թէ այս երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի՞։ Ի պատասխան ան ըսաւ, որ չի բացառուիր Պրաթիսլաւայի մէջ հիմնախնդրի կարգաւորման հարցի արծարծումը։ «Կը կարծեմ, թէ գերակայութեան սկզբունքով առանձնացուած նիւթերու հարցին շուրջ պէտք է խօսի կազմակերպութիւնը։ Իմ կարգին յայտնեմ, որ այն բոլոր նիւթերը, որոնք կը գտնուին ԵԱՀԿ-ի օրակարգին վրայ, պիտի քննարկուին թէ՛ բազմակողմանի եւ թէ այլ ձեւաչափերու մէջ», յայտնեց ռուս բանբերը։
Մինչ այդ, վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։
Զօհրապ Մնացականեան Ուաշինկթընէ վերադարձին այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Ան սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափի մէջ կարգաւորման հարցը օրակարգային է։
«Խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, խորհրդակցութիւններն ու հանդիպումները շարունակական բնոյթ կը կրեն։ Այդ առումով Հայաստան՝ որպէս այս գործընթացի մասնակից, երբեք չէ յապաղած եւ չէ դանդաղեցուցած այս գործընթացը։ Վերջերս հանդիպում մը եղաւ Ուաշինկթընի մէջ, ինչ որ շարունակական գործընթաց մըն է», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ ներկայ փուլին անհրաժեշտ էր, որ երկխօսութեան մէջ ըլլային Արցախի իշխանութիւններուն, Արցախի նախագահին հետ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք»ի հարցը։ Այս կապակցութեամբ նախարարը ըսաւ. «Դուք գիտէք այդ հարցի պատասխանը եւ ինծի կու տաք հարցում մը, որու պատասխանը ունիք։ Եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը չարտայայտէր համայնքի շահերը, որու մասին դուք կը խօսիք եւ եթէ այդ համայնքը չէ մասնակցած Ատրպէյճանի նախագահի ընտրութիւններուն եւ այնտեղ առկայ են նմանօրինակ խնդիրներ, ապա ես չէ, որ պէտք է զանոնք քննարկեմ»։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ վերջերս կոչ ուղղեցին կողմերուն, որպէսզի մարդասիրական շօշափելի ջանքեր գործադրեն։ Եռանախագահները վերջերս այցելեցին Վիեննա եւ Պրաթիսլաւա։ Վիեննայի մէջ անոնք տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի եւ Մինսքեան խմբակի անդամ երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսկ Պրաթիսլաւայի մէջ միջնորդները ընդունուեցան ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի կողմէ։ Եռանախագահները այս հանդիպումներուն ընթացքին բացատրութիւններ տուին դէպի ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան իրենց վերջին այցելութեան, ինչպէս նաեւ Մնացականեանի եւ Մամետեարովի հետ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթնի մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն կապակցութեամբ։
Այս բոլորին առընթեր միջնորդները տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբի ղեկավար Վլատիմիր Մինարիքի հետ։ Բոլոր հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։
Համանախագահները ողջունեցին անցեալ ամսավերջին բանտարկեալներու նոյնաժամանակ ազատ արձակումը եւ բարձր գնահատեցին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն՝ ձերբակալեալներու նկատմամբ առաջին դրական քայլին աջակցելու ուղղեալ ջանքերուն համար։ Համանախագահները կոչ ուղղեցին հակամարտ կողմերուն, որպէսզի շօշափելի յաւելեալ մարդասիրական ջանքեր գործադրեն՝ հնարաւորինս շուտ, բովանդակային բանակցութիւններու համար բարենպաստ մթնոլորտի յետագայ ամրապնդման նպատակով։