ԹՈՒՍՔ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Վաղը Երեւան պիտի այցելէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տոնալտ Թուսք հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Փաշինեան եւ Թուսք միասնաբար պիտի այցելեն Երեւանի Եւրոպայի հրապարակը եւ պիտի սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հարկ է նշել, որ Տոնալտ Թուսք արդէն իր պաշտօնավարութեան շրջանի գրեթէ աւարտին կը գտնուի։ Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն զուգահեռ վերջերս ԵՄ-ի գագաթաժողովին ժամանակ յստակեցան այն անունները, որոնք յառաջիկայ շրջանին պիտի գլխաւորեն եւրոպական կառոյցները։ Այսպէս, Թուսք պիտի փոխարինուի Շարլ Միշելի կողմէ, որ Պելժիոյ նախկին վարչապետներէն մին է։

Տոնալտ Թուսքի Երեւան այցելութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը կը գտնուի վաւերացման փուլի մէջ։ Բաց աստի, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին յաճախ ամենաբարձր մակարդակի վրայ սպասումներ կը բարձրաձայնէ՝ երկրէ ներս համակարգային արմատական բարեփոխումներ իրականացնելու ճանապարհին՝ Եւրոմիութեան կողմէ աւելի մեծ աջակցութիւն վայելելու ակնկալութեամբ։

Ուրեմն, վաղուան այցելութիւնը կարեւոր պիտի ըլլայ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան տեսանելի ապագան յստակեցնելու առումով։ Այս այցելութեան ժամկէտն ալ բաւական հետաքրքրական է, որովհետեւ Եւրոմիութենէն ներս արդէն կը վերաձեւաւորուին նոր հաւասարակշռութիւններ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019