ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ 89-ԱՄԵԱԿԸ
Կիւմրիի մէջ նշուեցաւ Մհեր Մկրտչեանի ծննդեան 89-ամեակը։ Այսպէս, Կիւմրիի քաղաքապետարանի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինն ու Մհեր Մկրտչեանի յուշատուն-թանգարանը կիւմրեցիներուն ու Կիւմրի այցելող հիւրերուն յուլիսի 4-ին պարգեւեցին անմոռանալի օր մը՝ սիրուած դերասան Մհեր Մկրտչեանին նուիրուած շարք մը միջոցառումներով նշելով անոր ծննդեան 89-ամեակը:
Օրը սկսաւ Կիւմրիի կեդրոնական զբօսայգիին՝ «Գորկայի» այգիին մէջ՝ հոն, ուր նկարահանուած են «Մեր մանկութեան տանգոն» ժապաւէնի որոշ հատուածները: Շարժապատկերը նկարահանումէն 35 տարի վերջ Կիւմրիի մէջ էին դերասաններ Սամուէլ Սարգսեանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Էլինա Աղամեանը։ Այգիին մէջ վերստեղծելով յայտնի ժապաւէնի սիրուած դրուագները՝ Մհեր Մկրտչեանի խաղընկերները բացին շարժապատկերի յայտնի դրուագը պատկերող պաստառը: Մհեր Մկրտչեան «ուրախ եւ տխուր» դերասանի մասին իրենց տպաւորութիւնները եւ պատմութիւնները կը ներկայացնէին անոնք, որոնք բախտն ունեցած էին աշխատիլ անոր հետ։
«Անկախ այն բանէն՝ ան այսօր կայ, թէ չկայ, եթէ զայն կը յիշեն, ուրեմն, ան դեռ մեզի հետ է: Մենք պէտք է մեզ համապատասխան պահենք, որպէսզի անոր յիշատակը վառ մնայ», իր խօսքի մէջ նշեց Սամուէլ Սարգսեան:
«Թէ՛ մեծ տաղանդ եւ թէ մեծ սիրտ: Բառեր չկան նկարագրելու մեծութիւնը: Ես մեծ սիրով համաձայնած եմ նկարահանուիլ «Մեր մանկութեան տանգոն» ժապաւէնին մէջ: Ինծի համար ատոնք շատ յիշարժան ու թանկ օրեր էին: Ամենամեծ բախտը մեծերու հետ աշխատիլն է: Մենք՝ բոլորս շարժապատկերին մէջ շատ ներդաշնակօրէն աշխատած ենք», լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին նշեց «Մեր մանկութեան ժամանակ տանգոն» շարժանկարի Վարդուշի դերակատար Էլինա Աղամեան՝ վերյիշելով դրուագներ ժապաւէնէն:
Միջոցառման ամբողջ ընթացին չէին դադրեր խօսքերը եզակի դերասանի անկրկնելի տաղանդի, վարպետութեան, այն արժէքներու մասին, ինչ որ մեծ դերասանը թողած է ինչպէս հայ, այնպէս ալ համաշխարհային թատրոնի եւ շարժանկարի պատմութեան մէջ: Այցելուներու պակաս չէր զգացուեր նաեւ սիրուած արուեստագէտի յուշարձանին մօտ, իսկ Մհեր Մկրտչեանի թանգարանին մէջ կազմակերպուած էր գործակցութեամբ թանգարանի՝ առաջին եռալեզու տեսաձայնային զբօսարշաւը: Թանգարանի տնօրէնութեան ջանքերով դերասանի տունը այլեւս իր թատրոնը ունի. թանգարանի այցելուները այսուհետեւ կը ճանապարհեն նաեւ թատերական ներկայացումներով: