ՌԻԹԱ ՇԱՀԻՆԵԱՆ՝ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆ ԲԺԻՇԿԸ
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթէն կը տեղեկանանք, թէ լիբանանահայ Ռիթա Շահինեան դարձած է արաբական աշխարհի հիւլէական բնագաւառի առաջին կին բժիշկը։
Ռիթա Շահինեան ծնած է 1987 թուականին, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճին մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ուրկէ ստացած է կենսաբանութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականը, 2009 թուականին: Ապա, անցած է Լիբանանի Ամերիկեան համալսարան, ուրկէ 2013 թուականին ստացած է բժշկութեան MD վկայականը, որմէ ետք նոյն հունին մէջ մասնագիտացած է ռատիօբանութեան (radiologie) մէջ եւ ուսումը աւարտած 2018 թուականին: Այժմ կը շարունակէ հիւլէական բժշկութեան ճիւղին մէջ իր մասնագիտութիւնը։
Մասնակցած է զանազան ասպարէզներու նախապատրաստական աշխատանքներու՝ Լիբանանի լաւագոյն հիւանդանոցներու մէջ եւ վկայուած է «Ամերիքըն Հարթ Էսոսիէյշըն»ի կողմէ: 2019 թուականին աշխատած է Պսալիմի «Միտըլ Իսթ» հիւանդանոցին մէջ՝ իբրեւ ռատիօբան: Մասնակցած է նաեւ զանազան բժշկական պրպտումներու եւ հրատարակչական աշխատանքներու. մինչեւ հիմա ունի ութ հրատարակութիւն. վերջինը հրատարակուած է յունիս 19-ին, որ կը վերաբերի PET/CT քննութեան մէջ գործածուող նիւթի մը կապին՝ գեղձերու նախնական քաղցկեղի արտայայտման մէջ։
Շահինեան անդամ է լիբանանեան եւ համաշխարհային բժշկական զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու։ Բժշկական մարզի նորութիւններուն եւ յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելու համար, ան մասնակցած է զանազան սեմինարներու եւ համագումարներու, նաեւ՝ իբրեւ դասախօս:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հայ գաղութին մէջ ծաւալած իր գործունէութեան, Շահինեան 2011-2016 թուականներու միջեւ անդամակցած է ԱՖՀԻԼ-ի թմրամոլութեան դէմ պայքարող «Հորիզոն» կեդրոնին, իբրեւ դասախօս:
Սա անշուշտ շատ կարեւոր յաջողութիւն մըն է։ Սփիւռքի ընդհանուր հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ վաղուց էական նշանակութիւն ունեցած են արաբական աշխարհէ ներս հայ գործիչներու հասած դիրքերը։ Այս տեսանկիւնէն Ռիթա Շահինեան հերթական օրինակը կը հանդիսանայ։