ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Անգարա եւ Մոսկուա համատեղ աշխատանք կը տանին՝ Լիպիոյ մէջ հրադադարի մը ապահովման նպատակով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով տեսաժողով մը ունեցաւ Քոնկոյի, Եգիպտոսի եւ Հարաւային Ափրիկէի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Այդ տեսաժողովէն վերջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ բախումները պէտք է դադրին։ «Մեր թուրք պաշտօնակիցներուն հետ կը շարունակենք աշխատիլ, որպէսզի հրադադարի մը հռչակումը ապահովելիք մօտեցումները մեղմացուին», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով եւ աւելցուց, որ Լիպիոյ վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճ չի ձգտիր բախումները կասեցնելու։ Ռուս նախարարը ընդգծեց, որ Լիպիոյ տագնապի կարգաւորման համար բախումները պէտք է անմիջապէս կասեցուին եւ կողմերը պէտք է հրաժարին իրենց զինեալ տարրերը որեւէ ուղղութիւնով մը յառաջացնելու նախաձեռնութիւններէն։ «Դըժ-բախտաբար, մեր բոլոր երկխօսները կը յայտարարեն այն ճշմարտութիւնը, թէ Լիպիոյ հարցը զինուորական ճանապարհով չի կրնար լուծուիլ, սակայն այդ յայտարարութիւնները գործնականութեան չեն վերածուիր», շարունակեց Սերկէյ Լաւրով եւ աւելցուց, որ երկրի արեւելքին զինեալներու ղեկավար Հալիֆէ Հաֆթէր պատրաստ է հրադադարի փաստաթուղթ մը ստորագրելու։

Ըստ Սերկէյ Լաւրովի, Թուրքիա եւ Ռուսաստան Լիպիոյ հարցին շուրջ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը։ Երկու երկիրներու ղեկավարներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած երկխօսութեան ծիրէն ներս կողմերը աշխատանք կը տանին, որպէսզի մեղմանան այն մօտեցումները, որոնք պիտի ապահովեն հրադադարի մը հռչակուիլը։ Լաւրով մատնանշեց, որ Թուրքիա շփման մէջ է Լիպիոյ կառավարութեան հետ։ «Մեր թուրք գործընկերները այս ուղղութեամբ կ՚աշխատին Լիպիոյ կառավարութեան հետ։ Կը յուսանք, թէ առկայ պայմաններով պիտի տան միակ ու ճիշդ եղած որոշումը», ըսաւ ռուս նախարարը։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լաւրով կրկնեց, որ Թրապլուսի կառավարութիւնը կ՚ապաւինի ռազմական լուծման։

Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ երէկ «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնահերթ հարցերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն մասին եւ յիշեցուց, որ բախումներու սկսելէն վերջ Լիպիոյ կառավարութեան պահանջով անցեալ դեկտեմբերին Թուրքիա զինուորական համագործակցութեան եւ անվտանգութեան համաձայնագիր մը ստորագրած է այդ երկրին հետ։ Քալընի խօսքով՝ Թուրքիա պիտի շարունակէ Լիպիոյ կառավարութեան զօրակցիլ։ Այդ երկրի հաւանական անջատումը կրնայ կործանիչ հետեւանքներ ունենալ։ «Ծանօթ է, որ հրադադարի կոչ մը ուղղուած է։ Թրապլուսի կառավարութիւնը սկզբունքօրէն հրադադարի դէմ չէ, սակայն որոշ նախապայմաններ ունի, որպէսզի այդ հրադադարը ըլլայ տեւական», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն եւ անդրադարձաւ միջազգային դերակատարներու ներգործութեան։ Ըստ իրեն, եթէ առաջնահերթութիւնը Լիպիոյ մէջ նախ եւ առաջ ժողովուրդի խաղաղութիւնը, անդորրութիւնն ու անվտանգութիւնը ըլլայ, Լիպիոյ բնական պաշարները, քաղաքային միութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը հիմք ընդունելով քաղաքական լուծման ճանապարհ մը որդեգրուի, ապա առկայ խնդիրները կրնան լուծուիլ։

«Անատոլու» գործակալութեան տուած յայտարարութիւններուն մէջ Իպրահիմ Քալըն ընդգծեց, որ Լիպիոյ տագնապին շուրջ Գերմանիա դրական դերակատարութիւն մը ունի։

Անդրադառնալով Արեւելեան Միջերկրականի կացութեան՝ Իպրահիմ Քալըն յիշեցուց, որ այնտեղ ամենաերկար ծովափը ունի Թուրքիան։ Հետեւաբար, անկարելի է Թուրքիան արհամարհելով Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժանիւթի քարտէս մը ձեւաւորել եւ քաղաքական կայունութիւն մը կառուցել։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020