ԲԱՆՏԷՆ ԴՈՒՐՍ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ
«Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ Երեւանի մերձակայքին ոստիկանական կեդրոնի մը բռնագրաւումով ծնունդ առած դէպքերու շարքը կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ։ Թէեւ այդ ոստիկանատունը արդէն ազատուած է, սակայն «Սասնայ ծռեր»ու արարքով պայմանաւորուած իրադարձութիւնները կը մնան հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին։ Երեւանի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյցերն ու երթերը կը շարունակուին, ի պաշտպանութիւն «Սասնայ ծռեր»ուն։
Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ վերջին դէպքերուն հետեւանքով ձերբակալուած Ալեք Ենիգոմշեանի խափանման միջոցը փոխելու ուղղութեամբ որոշում մը առնուած է։ Այսպէս, մեղադրեալը կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պատճառաբանութիւնով առնուած է այս որոշումը։
Սոյն որոշման ընդունուելէն վերջ, «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներէն Ալեք Ենիգոմշեան ազատ արձակուեցաւ՝ Արմաւիրի մարզի քրէակատարողական հիմնարկէն։ Ան Յուլիսի 27-էն ի վեր բանտարկուած էր։ Բանտէն դուրս գալէ վերջ Ենիգոմշեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտնեց հետեւեալը. «Համոզուած եմ, որ այսօրուան որոշումը այդ բողոքներու եւ իրենց որդեգրած կեցուածքի, որոշումներու անհիմն ըլլալու, լուծում չգտնելու փաստի արձանագրումն է»։
Հարկ է յիշեցնել, որ «Սասնայ ծռեր»ը ոստիկանական կեդրոնը գրաւելու ժամանակ պահանջած էին «Հիմնադիր խորհրդարան»ի ձերբակալեալ առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակուիլը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով երէկ Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեան ազատուեցաւ իր զբաղեցուցած պաշտօնէն։ Իր պաշտօնազրկման շուրջ որեւէ պատճառաբանութիւն չնշուեցաւ։ Իրեն փոխարէն Երեւանի ոստիկանապետ նշանակուեցաւ Սարգիս Մարտիրոսեան, որ Մարտ ամիսէն ի վեր Շիրակի մարզի ոստիկանապետն էր։